Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
1995–ի Տարուան Համարը. ‘Սիրոյ մէջ ներդաշնակօրէն միացած եղէք’։—Կող. 2։2, ՆԱ
Հոկտեմբեր 1—Բոլոր ժողովուրդը այս բանը տեսնելով՝ երեսի վրայ ինկան ու ըսին. «Եհովան է Աստուած, Եհովան է Աստուած»։—Գ. Թագ. 18։39, Դիտ. 10/1/94 7
Հոկտեմբեր 2—[Պառաւները] այնպիսի վարմունք [ունենան], ինչպէս կը վայլէ սրբութեան. ո՛չ բանսարկու ըլլալ, ո՛չ գինեմոլ, հապա բարի խրատ տուող։—Տիտ. 2։3, Դիտ. 9/1/94 10, 12, 13գ
Հոկտեմբեր 3—Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք։—Յովհ. 13։34, Դիտ. 3/1/94 13, 14դ
Հոկտեմբեր 4—Հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ։—Յակ. 4։7, Դիտ. 4/1/94 9ա
Հոկտեմբեր 5—Չէք կրնար խմել Տէրոջը [Եհովայի] գաւաթը ու դեւերուն գաւաթը։ Չէք կրնար վայելել «Տէրոջը [Եհովայի] սեղան»էն ու դեւերուն սեղանէն։—Ա. Կորնթ. 10։20, 21, Դիտ. 10/1/94 1, 2
Հոկտեմբեր 6—Որդեա՛կ իմ, Տէրոջը [Եհովայի] խրատը մի՛ անարգեր ու անոր յանդիմանութենէն մի՛ թուլնար. վասնզի Տէրը [Եհովա] իր սիրածը կը խրատէ, ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւկին կ’ընէ։—Առ. 3։11, 12, Դիտ. 2/1/94 8, 9ա
Հոկտեմբեր 7—Իմ հոգիս քու ձեռքդ կը յանձնեմ։ Ո՜վ Եհովա՝ Աստուա՛ծ ճշմարտութեան՝ դուն զիս փրկեցիր։—Սաղմ. 31։5, Դիտ. 2/1/94 3, 5գ
Հոկտեմբեր 8—Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր։—Յովհ. 17։3, Դիտ. 5/1/94 9, 10ա
Հոկտեմբեր 9—Հոգին յայտնի կ’ըսէ թէ՝ վերջին ատենները մէկ քանիները հաւատքէն պիտի ապստամբին եւ մոլորեցուցիչ ոգիներու ու դեւերու ուսմունքներու ուշադրութիւն պիտի ընեն։—Ա. Տիմ. 4։1, Դիտ. 10/1/94 5
Հոկտեմբեր 10—Քեզի յայտնեց, ո՛վ մարդ, թէ ի՛նչ է աղէկը ու Տէրը [Եհովա] քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել ու խոնարհութիւնով [համեստութիւնով (ՆԱ)] քու Աստուծոյդ հետ քալել։—Միք. 6։8, Դիտ. 4/1/94 9գ
Հոկտեմբեր 11—Եթէ անոնք իմ խորհուրդիս մէջ կեցած ըլլային, այն ատեն իմ խօսքս իմ ժողովուրդիս պիտի յայտնէին եւ զանոնք իրենց չար ճամբաներէն ու իրենց չար գործերէն պիտի դարձնէին։—Երեմ. 23։22, Դիտ. 6/1/94 12, 13
Հոկտեմբեր 12—Մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը սուրբ հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան։—Բ. Պետր. 1։21, Դիտ. 6/1/94 8, 9գ
Հոկտեմբեր 13—Քանզի դուք այս բանին համար կանչուեցաք, վասնզի Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէսզի իր շաւիղներուն հետեւիք։—Ա. Պետր. 2։21, Դիտ. 10/1/94 11բ
Հոկտեմբեր 14—Արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ, աստղերը երկնքէն պիտի իյնան ու երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։—Մատթ. 24։29, Դիտ. 5/1/94 19, 20գ
Հոկտեմբեր 15—Վասնզի մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը։—Ղուկ. 12։15, Դիտ. 7/1/94 11, 12ա
Հոկտեմբեր 16—Վասնզի մարդիկ պիտի ըլլան ... ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ։—Բ. Տիմ. 3։2, Դիտ. 7/1/94 2, 8, 9գ
Հոկտեմբեր 17—Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի. վասնզի չկայ իշխանութիւն մը որ Աստուծմէ չըլլայ եւ անոնք որ կան՝ Աստուծմէ կարգուած են։—Հռովմ. 13։1, Դիտ. 10/1/94 3, 5ա
Հոկտեմբեր 18—[Պառաւները] ... [թող] խրատեն նորահասակ կիները՝ որպէսզի այրերնին եւ զաւակնին սիրեն, խոհեմ, ողջախոհ, տնաշէն, բարեգործ, իրենց այրերուն հնազանդ [ըլլան], որ չըլլայ թէ Աստուծոյ խօսքին հայհոյուի։—Տիտ. 2։3–5, Դիտ. 9/1/94 10, 14, 15գ
Հոկտեմբեր 19—Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. քննեցէք ձեր անձերը. չէ՞ք գիտեր թէ Յիսուս Քրիստոս ձեր մէջն է, միայն թէ անպիտան չըլլաք։—Բ. Կորնթ. 13։5, Դիտ. 8/1/94 13, 14դ
Հոկտեմբեր 20—Երանելի է այն մարդը, [որու] ... հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ [անոր օրէնքին մէջ ցած ձայնով կը կարդայ (ՆԱ)]։—Սաղմ. 1։1, 2, Դիտ. 9/1/94 6ա
Հոկտեմբեր 21—Աստուած անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասնզի առաջուան բաները անցան։—Յայտն. 21։4, Դիտ. 10/1/94 2, 3, 17
Հոկտեմբեր 22—Ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք։—Ղուկ. 21։36, Դիտ. 8/1/94 23, 25բ
Հոկտեմբեր 23—Երիտասարդները յորդորէ խոհեմ ըլլալ։ Ամէն կողմէ քու անձդ բարի գործերու օրինակ ցուցնելով, վարդապետութեան մէջ անեղծութիւն. պարկեշտութիւն։—Տիտ. 2։6, 7, Դիտ. 9/1/94 16, 17գ
Հոկտեմբեր 24—Միայն ձեր անձերուն լաւ շահը մի՛ փնտռէք հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ։—Փիլ. 2։4, Դիտ. 12/1/93 19, 20ա
Հոկտեմբեր 25—Գոհութիւն Աստուծոյ, որ թէեւ դուք մեղքի ծառայ էիք, սակայն սրտանց հնազանդեցաք այն վարդապետութեան գաղափարին, որ ձեզի յանձնուեցաւ։—Հռովմ. 6։17, Դիտ. 10/1/94 4բ
Հոկտեմբեր 26—Ձեր հաւատքին վրայ ... աստուածպաշտութիւն [աւելցուցէք]։—Բ. Պետր. 1։5, 6, Դիտ. 12/1/93 3, 5, 6դ
Հոկտեմբեր 27—Նայէ՛ թէ արդեօք չար ճամբու մէ՞ջ եմ եւ զիս դէպի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ։—Սաղմ. 139։24, Դիտ. 1/1/94 16, 18ա
Հոկտեմբեր 28—Սէրը ... ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ։—Ա. Կորնթ. 13։4, 7, Դիտ. 1/1/94 19, 20գ
Հոկտեմբեր 29—Եւ հիմա, ո՛վ մեր Աստուածը, քեզի գոհութիւն կու տանք ու քու փառաւորեալ անունդ կ’օրհնենք։—Ա. Մնաց. 29։13, Դիտ. 10/1/94 18, 19բ
Հոկտեմբեր 30—Իրարու հնազանդ եղէ՛ք Քրիստոսին վախովը։—Եփ. 5։21, Դիտ. 4/1/94 12ա
Հոկտեմբեր 31—Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, կարօտ եղողէն մի՛ խնայեր զանիկա։ Քու դրացիիդ բնաւ մի՛ ըսեր՝ «Գնա՛ ու դարձեալ եկո՛ւր եւ վաղը կու տամ», երբ քու քովդ կայ։—Առ. 3։27, 28, Դիտ. 2/1/94 16, 17ա