Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ96 6/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
դ96 6/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

1996–ի տարուան համարը. «Խօսքը կատարողներ եղէք»։—Յակոբու 1։22, ՆԱ

Յուլիս 1—Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է. ու իմ շաւիղներուս՝ լոյս։ Երդում ըրի ու պիտի կատարեմ, որպէս զի քու արդար դատաստաններդ պահեմ։—Սաղմ. 119։105. Դիտ. 8/1/95 1

Յուլիս 2—Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք։—Փիլ. 4։4 Դիտ. 12/1/94 2, 4 5ա

Յուլիս 3—Եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ։—Յովհ. 8։32 Դիտ. 12/1/94 14բ

Յուլիս 4—« Մի՛ վախնար, ո՛վ սիրելի մարդ, խաղաղութիւն ըլլայ քեզի, ուժովցի՛ր ու քաջ եղիր»։ —Դան. 10։19 Դիտ. 7/1/95 14–16ա

Յուլիս 5—Տէրը երեւցաւ Աբրահամին Մամբրէի կաղնիներուն մէջ, երբ անիկա օրուան տաք ատենը վրանին դուռը նստած էր։—Ծննդ. 18։1 Դիտ. 11/1/94 17, 18

Յուլիս 6—Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։—Մատթ. 28։19, 20. Դիտ. 8/1/95 3, 4բ

Յուլիս 7—«Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէր Եհովան, որ ամբարիշտին մեռնիլը չեմ ուզեր, հապա կ’ուզեմ որ ամբարիշտը իր ճամբայէն դառնայ ու ապրի։ Դարձէ՛ք, դարձէ՛ք ձեր չար ճամբաներէն։ Ինչո՞ւ մեռնիք, ո՛վ Իսրայէլի տուն»։—Եզեկ. 33։11. Դիտ. 3/1/95 1, 2ա

Յուլիս 8—Տէրոջը փարքը յաւիտենական թող ըլլայ. Տէրը իր գործերուն վրայ թող ուրախանայ։—Սաղմ. 104։31. Դիտ. 1/1/95 13, 14

Յուլիս 9—Տէրը քեզ խոնարհեցուց, անօթեցուց եւ մանանայով կերարկրեց, ... որ գիտնաս թէ մարդ ... Տէրոջը բերնէն ելած ամէն խօսքով կ’ապրի։—Բ. Օրին .— Դիտ. 8/1/95 3

Յուլիս 10—«Երբ տղաքդ ու աղջիկներդ իրենց մեծ եղբօրը տանը մէջ կ’ուտէին ու գինի կը խմէին, ահա անապատէն մեծ հով մը եկաւ ու այնպէս զարկաւ տանը, որ անոնց վրայ փլաւ ու անոնք մեռան»։—Յոբ. 1։18,19. Դիտ. 3/1/95 10, 11բ

Յուլիս 11—Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտրէ թէ ո՛վ կլլէ։ Անոր դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուն, գիտնալով որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն։—Ա. Պետր. 5։8,9։ Դիտ. 4/1/95 13, 14

Յուլիս 12—« Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ։ ... Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի որ իր բոլոր ունեցածին վրայ պիտի կեցնէ զանիկա։—Մատթ. 24։45–47. Դիտ. 8/1/95 2, 3գ

Յուլիս 13—Եթէ կենաք հաւատքին մէջ հիմնուած ու հաստատ եւ առանց խախտելու աւետարանին յոյսէն որ լսեցիք, որ երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ։—Կող. 1։23։ Դիտ. 2/1/95 19, 20

Յուլիս 14—Խօսքը քարոզէ՛, մտադրութեամբ գործիդ պարապէ՛ ատենին ու ատենէ դուրս։ —Բ. Տիմ. 4։2։Դիտ. 2/1/95 14, 15գ

Յուլիս 15—Ալ հիմա, եղբայրներ, ձեզի կ’աղաչենք ու կը յորդորենք ձեզ Տէր Յիսուսով, որ ինչպէս մեզմէ սորվեցաք այնպէս քալէք ու Աստուծոյ հաճոյ ըլլաք, ա՛լ աւելի յառաջանաք անոր մէջ։—Ա. Թես. 1։8 Դիտ. /1/95 17ա

Յուլիս 16—Զօրքերու Տէրը այս լերան վրայ բոլոր ազգերուն կոչունք մը պիտի ընէ, ծուծով լեցուած պարարտ բաներու։—Եսայ. 25։6 Դիտ. 4/1/95 17–19գ

Յուլիս 17—Եւ իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով։—Եբր. 10։24 Դիտ. 7/1/95 2, 4, 5ա

Յուլիս 18—«Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէսզի ատենին անոնց կերակուր տայ։—Մատթ. 24։45։ Դիտ. 8/1/95 5, 6գ

Յուլիս 19—«Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի պիտի ապրի։ Եւ ան որ կենդանի է ու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի։ Դուն կը հաւատա՞ս ասոր»։—Յովհ. 11։25,26։ Դիտ. 5/1/95 12 13գ

Յուլիս 20—«Եթէ մէկը կ’ուզէ իմ ետեւէս գայ, թող իր անձը ուրանայ եւ ամէն օր իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։ Վասնզի ով որ կ’ուզէ իր անձը ապրեցնէ, պիտի կորսնցնէ զանիկա եւ ով որ ինծի համար իր անձը կորսնցնէ, պիտի ապրեցնէ զանիկա։—Ղուկ. 9։23,24։ Դիտ. 6/1/95 18ա

Յուլիս 21—«Որքա՜ն գեղեցիկ են խաղաղութիւն աւետարանողներուն ու բարի բաներու աւետիս տուողներուն ոտքերը»։—Հռովմ. 10։15։ Դիտ. 7/1/94 14

Յուլիս 22—Որդիա՛կ իմ, եթէ իմ խօսքերս ընդունիս ու իմ պատուիրանքներս քովդ պահես, եթէ զանիկա ... արծաթի պէս փնտռես ... այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես։—Առ. 2։1–5։ Դիտ. 6/1/95 10, 11բ

Յուլիս 23—Ո՛վ Տէրը սիրողներ, չարութիւնը ատեցէ՛ք։ Անիկա իր սուրբերուն [հաւատարիմներուն] անձերը կը պահէ, անբարիշտներուն ձեռքէն կը փրկէ զանոնք։——Սաղմ. 97։10, Դիտ. 8/1/95 6, 7

Յուլիս 24—Բայց արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ։—Առ. 4։18։ Դիտ. 8/1/95 10գ

Յուլիս 25—Ինծի դարձէք ու ես ձեզի պիտի դառնամ։— Մաղ. 3։7։ Դիտ. 7/1/95 15, 16բ

Յուլիս 26—Ամէն մէկը՝ հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս եւ ծարաւուտ երկրի մէջ մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս պիտի ըլլայ։—Եսայ. 32։2։ Դիտ. 1/1/95 19, 20ա

Յուլիս 27—Այս է Տէրոջը խօսքը, որ Զօրաբաբէլին կ’ըսուի. ‘Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ, հապա իմ Հոգիովս’՝, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։—Զաք. 4։6. Դիտ. 11/1/94 4, 9բ

Յուլիս 28—Խնդա՛նք եւ ուրախանանք ու փա՛ռք տանք անոր, քանզի Գառնուկին հարսանիքը հասաւ ու անոր կինը ինքզինք պատրաստեց։—Յայտ. 19։7։ Դիտ. 12/1/94 14, 15ա

Յուլիս 29—Երանելի է այն մարդը, ... անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ։—Սաղմ. 1։1, 2։ Դիտ. 8/1/95 1, 2, 4ա

Յուլիս 30—Քու անունդ սուրբ ըլլայ։—Մատթ. 6։9։ Դիտ. 8/1/95 17, 18դ

Յուլիս 31—Ես պիտի չխղճա՞մ Նինուէին, այն մեծ քաղաքին, որուն մէջ հարիւր քսան հազարէն աւելի մարդիկ կան, որոնք աջ ու ձախ ձերքին տարբերութիւնը չեն գիտեր ու նաեւ շատ անասուններ։ — Յովն. 4։11։ Դիտ. 11/1/94 12, 13

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել