Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 8/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 8/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

1997–ի տարուան համարը. «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»։—Սաղմոս 143։10

Սեպտեմբեր 1—Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես։—Ծննդ. 3։15, Դիտ. 9/1/96 1, 2

Սեպտեմբեր 2—Կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեանքը ընտրէ որպէս զի [ապրիս]։—Բ. Օր. 30։19, Դիտ. 9/1/96 1, 2բ

Սեպտեմբեր 3—Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար։—Եփ. 5։25, Դիտ. 1/1/96 17, 18

Սեպտեմբեր 4—Շատ ազգերու առջեւ պիտի փառաւորուիմ ու սրբուիմ եւ ճանչցուիմ ու պիտի գիտնան թէ՝ ե՛ս եմ Տէրը։—Եզեկ. 38։23, Դիտ. 3/1/96 15, 16ա

Սեպտեմբեր 5—Մարգարէներուն ու սուրբերուն ու երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն արիւնը անոր մէջ գտնուեցաւ։—Յայտ. 18։24, Դիտ. 3/1/96 4, 5գ

Սեպտեմբեր 6—Ամո՛ւր բռնէ այն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը որոնք ինծմէ լսեցիր, հաւատքով ու սիրով՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է։—Բ. Տիմ. 1։13, Դիտ. 8/1/96 9, 10բ

Սեպտեմբեր 7—Այն ժամանակ Երուսաղէմը ճրագներով պիտի քննեմ ու գինիի պէս իրենց մրուրին վրայ հանգիստ նստող մարդիկը պիտի պատժեմ, որոնք իրենց սրտին մէջ կ’ըսեն՝ ‘Տէրը ո՛չ բարիք պիտի ընէ եւ ո՛չ չարիք’։—Սոփ. 1։12, Դիտ. 6/1/96 15, 16ա

Սեպտեմբեր 8—Քաշուեցէ՛ք, քաշուեցէ՛ք, անկէ ելէ՛ք, պիղծ բանի մի՛ դպչիք, անոր մէջէն ելէ՛ք. մաքուր եղէ՛ք, ո՛վ Տէրոջը սպասները կրողներ։—Եսայ. 52։11, Դիտ. 9/1/96 23, 24ա

Սեպտեմբեր 9—Լսեր էք որ ըսուեցաւ, ‘Շնութիւն մի ըներ’, բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. ‘Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ’։—Մատթ. 5։27, 28, Դիտ. 9/1/96 8, 9գ

Սեպտեմբեր 10—Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ. եթէ այս աշխարհէն ըլլար իմ թագաւորութիւնս, իմ սպասաւորներս կը կռուէին՝ որ ես Հրեաներուն ձեռքը չմատնուիմ, բայց իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ։—Յովհ. 18։36, Դիտ. 8/1/96 9

Սեպտեմբեր 11—Իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է։—Առ. 11։2, Դիտ. 4/1/96 15, 16

Սեպտեմբեր 12—Քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ ու քու Աստուածդ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ։—Հռութ. 1։16, Դիտ. 8/1/96 15բ

Սեպտեմբեր 13—Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը ու իր Օծեալինը եղան։ Ինք պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից։ Եւ ազգերը բարկացան, վասն զի եկաւ քու բարկանալու ժամանակդ։—Յայտ. 11։15, 18, Դիտ. 1/1/96 16, 17գ

Սեպտեմբեր 14—Ուստի, իմ սիրելի՛ եղբայրներս, ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ, վասն զի մարդուն բարկութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը չի կատարեր։—Յակ. 1։19, 20, Դիտ. 2/1/96 11, 12ա

Սեպտեմբեր 15—Հիմա, ո՛վ թագաւորներ, մտքերնիդ առէք, երկրի՛ դատաւորներ, խրատուեցէ՛ք։ Երկիւղով ծառայեցէ՛ք Տէրոջը, ու դողալով անկէ վախցէ՛ք։—Սաղմ. 2։10, 11, Դիտ. 9/1/96 17, 19

Սեպտեմբեր 16—Քաղաքի մէջ օրհնեալ ու դաշտի մէջ օրհնեալ պիտի ըլլաս։—Բ. Օր. 28։3, Դիտ. 9/1/96 13, 14բ

Սեպտեմբեր 17—[Կրետացի Քրիստոնեաները] յորդորէ՛, որ իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն հնազանդին ու հպատակին ու ամէն բարի գործերու պատրաստ գտնուին. . . . հեզահոգի [ըլլան], ամէն մարդու քաղցրութիւն ցուցնեն։—Տիտ. 3։1, 2, Դիտ. 8/1/96 10, 11

Սեպտեմբեր 18—Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները։—Եբր. 13։4, Դիտ. 5/1/96 10, 11բ

Սեպտեմբեր 19—Այս օրէնքներու գիրքը քու բերնէդ թող չզատուի, հապա գիշեր ցորեկ անոր վրայ մտածէ, որպէս զի բոլոր անոր մէջ գրուածները պահես ու կատարես. քանզի այն ատեն քու գործերդ յառաջ պիտի տանիս եւ այն ատեն յաջողութիւն պիտի գտնես։—Յես. 1։8, Դիտ. 8/1/96 4, 5գ

Սեպտեմբեր 20—Շատ ժողովուրդներ եւ զօրաւոր ազգեր Երուսաղէմի մէջ զօրքերու Տէրը փնտռելու ու Տէրոջը առջեւ աղօթք ընելու պիտի գան։—Զաք. 8։22, Դիտ. 2/1/96 15-17գ

Սեպտեմբեր 21—Վախնալով բնաւ ետ չկեցայ օգտակար բաներ ձեզի ըսելէ ու ձեզի՝ հրապարակաւ եւ տան մէջ՝ [«տունէ տուն», ՆԱ] սորվեցնելէ։—Գործք 20։20, Դիտ. 4/1/96 7, 8գ

Սեպտեմբեր 22—Երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը, . . . այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին։—Մատթ. 24։15, 16, Դիտ. 9/1/96 21, 22ա

Սեպտեմբեր 23—Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես։—Ծննդ. 3։15, Դիտ. 9/1/96 3, 4բ

Սեպտեմբեր 24—Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի. վասն զի չկայ իշխանութիւն մը որ Աստուծմէ չըլլայ։—Հռովմ. 13։1, Դիտ. 8/1/96 11, 14

Սեպտեմբեր 25—Շնա՛ցողներ, չէ՞ք գիտեր թէ այս աշխարհին սէրը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է. ուստի ով որ կ’ուզէ աշխարհին բարեկամ ըլլալ, ինքզինք Աստուծոյ թշնամի կ’ընէ։—Յակ. 4։4, Դիտ. 6/1/96 5, 6գ

Սեպտեմբեր 26—Քու լոյսդ ու ճշմարտութիւնդ ղրկէ, որպէս զի անոնք առաջնորդեն ինծի։—Սաղմ. 43։3, Դիտ. 8/1/96 10գ

Սեպտեմբեր 27—Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն որպէս զի ուրիշներ ուտեն։—Եսայ. 65։21, 22, Դիտ. 5/1/96 22դ

Սեպտեմբեր 28—Քու Տէր Աստուածդ քու մէջդ զօրաւոր է, անիկա քեզ պիտի փրկէ։ Անիկա քեզի համար ուրախութեամբ պիտի զուարճանայ ու իր սիրովը քեզի թողութիւն պիտի տայ եւ քու վրադ ցնծութեամբ պիտի ուրախանայ։—Սոփ. 3։17, Դիտ. 6/1/96 18, 19ա

Սեպտեմբեր 29—Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի ինծմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի։—Յովհ. 16։33, Դիտ. 9/1/96 13, 14

Սեպտեմբեր 30—Մենք Քրիստոսին միտքը ունինք։—Ա. Կորն. 2։16, Դիտ. 9/1/96 18, 19գ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել