Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 1/1 էջ 32
  • Ասպարէզ կարդացող պատասխան մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ասպարէզ կարդացող պատասխան մը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 1/1 էջ 32

Ասպարէզ կարդացող պատասխան մը

ՀՌՈՎՄԷԱԿԱՆ Կաթողիկէ բրիտանական լրագիր մը՝ Քէթըլիք Հերըլտ, վերջերս հրատարակեց Ուէյլզի մէջ բնակող իր ընթերցողներէն մէկուն գրած հետեւեալ նամակը. «Գիշեր մը, երկու Եհովայի Վկաներ դուռս զարկին։ Կրցայ անոնց ըսել թէ Կաթողիկէ Եկեղեցին է որ կ’երաշխաւորէ իրենց մէջբերած Նոր Կտակարանին վաւերական ըլլալը։ Շատ անակնկալի եկայ, երբ անոնցմէ մէկը համաձայնեցաւ։ Ան ըսաւ. ‘Այո, դուք կ’երաշխաւորէք զայն բայց չէք հետեւիր անոր։ Յիսուս ըսաւ, «Այս է իմ պատուէրս, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի», բայց դուք զիրար կը սպաննէք։ Վերջին պատերազմին, Կաթողիկէներ սպաննեցին ուրիշ Կաթողիկէներ, բայց ո՛չ մէկ Եհովայի Վկայ սպաննեց ուրիշ [հաւատակից] Վկայ մը’։ Ստիպուած՝ հաւանութիւն տուի։ Ի՞նչպէս կրնանք մեր ‘բաժնուած եղբայրներուն’ հետ միանալու համար աղօթել, երբ մեր մէջ իսկական միութիւն չկայ։ Նախ պէտք չէ՞ այս խայտառակութիւնը սրբագրուի»։—Յովհաննու 15։12

Այս Ի. դարու համաշխարհային երկու պատերազմները սկսան Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ եւ շուրջ 50–էն 60 միլիոն կեանքեր խլեցին։ Ճշմարտապէս կրնանք ըսել որ Եհովայի Վկաները բաժին չբերին այդ պատերազմներուն մէջ եւ ներկայիս տեղի ունեցող պայքարներուն ալ միջամուխ չեն ըլլար։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է։ Ձեր իսկ օգտին համար պէտք է աւելին գիտնաք քրիստոնէական սիրոյ ու միութեան զօրաւոր կապին մասին, զոր համայն աշխարհի մէջ աւելի քան հինգ միլիոն Եհովայի Վկաներ կը վայելեն։—Բաղդատել՝ Եսայեայ 2։4։

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 32]

U.S. National Archives photo

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել