Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ98 6/1 էջ 25
  • Աստուած Ալասքայի մէջ կ’աճեցնէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուած Ալասքայի մէջ կ’աճեցնէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՞նչ բան քեզ կ’արգիլէ մկրտուելէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
դ98 6/1 էջ 25

Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն

Աստուած Ալասքայի մէջ կ’աճեցնէ

ՁԻՒՆԻ ու սառոյցի ծածկոցին ներքեւ, փոքրիկ սերմ մը հասուննալու պատեհութիւնը կը սպասէ։ Ալասքական ամրան երեք կարճ ամիսներու ընթացքին, 3 միլիմեթր տրամագիծով կաղամբի մը հունտը, կրնայ աճիլ մօտաւորապէս մինչեւ 40 քիլոկրամ։ Այո՛, այս երկիրը որ ատեն մը շատերուն կողմէ անբերրի, սառցային շրջան մը կը համարուէր, առատ բերք կ’արտադրէ։

Ասիկա յատկապէս ճշմարիտ է Ալասքայի հոգեւոր դաշտին նկատմամբ։ Հոն, երկար ձմեռներու երկրին մէջ, Եհովայի Վկաները կը շարունակեն Թագաւորութեան սերմեր ցանել։ Ինչպէս երկրի ուրիշ մասերուն մէջ, Աստուած սերմերը կ’աճեցնէ բարեբեր սրտերու մէջ։—Ա. Կորնթացիս 3։6, 7

● Մինչ դպրոցական փոխադրակառքի մը մէջ էր, Վանէսա անունով պատանուհի Վկայ մը նկատեց որ Էն անունով աշակերտուհի մը միշտ առանձին կը նստէր։ Էն տխուր կ’երեւար, ուստի Վանէսա զայն հրաւիրեց որ իր քով նստի։ Զարմանալի չէր որ Էնը տխուր էր։ Անոր մայրը սրտի տագնապէ մահացած էր, իսկ անկէ քիչ ետք՝ հայրը քաղցկեղէն մեռած էր։ Այս պատճառաւ էր որ Էնը Ալասքայի մէջ իր ազգականներուն հետ կ’ապրէր։

Շաբաթ օրով մը, երբ Վանէսա դաշտի ծառայութեան մէջ էր, իր նոր ծանօթացած բարեկամուհիին տունը այցելեց եւ անոր Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի խորագրով գրքոյկը տուաւ։ Յաջորդ Երկուշաբթի դպրոցին մէջ, Էնը փնտռեց այս պատանուհի Վկան։ Ան Աստուածաշունչէն բազմաթիւ հարցումներ ունէր, եւ Վանէսա կրցաւ անոնց պատասխանել։ Ապա Էն հարցուց. «Ձեր պաշտամունքը ո՞ւր կ’ունենաք»։ Այդ գիշեր Էն իր առաջին ժողովին ներկայ եղաւ Թագաւորութեան Սրահին մէջ։

Քիչ ժամանակ ետք այս 17 տարեկան որբուհին բազմաթիւ ‘հայրեր’ ու ‘մայրեր’ գտաւ, Յիսուսի խոստումին համաձայն։ (Մատթէոս 19։29) Իսկ ի՜նչ ուրախ առիթ մըն էր, տեսնել երջանիկ եւ ժպտուն Էնը Եհովայի իր նուիրումը կը խորհրդանշէր ջուրի մկրտութեամբ, «Աստուածային Խաղաղութեան Պատգամաբերներ» Նահանգային Համաժողովին։

● Ալասքական Սառուցեալ հսկայ մասին հեռաւոր շրջաններուն մէջ, ուր գիւղեր իրարմէ հարիւրաւոր քիլոմեթրեր հեռու են, Դիտարանի Ընկերութեան զոյգ մեքենաներով օժտուած օդանաւը կը գործածուի Թագաւորութեան սերմերը ցանելու համար, աւելի քան 150 համայնքներու մէջ։ Սակայն, Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութեամբ հոգեւոր աճումը կարելի է նամակագրութեամբ։ Քանի որ շատերուն համար նամակ գրելը մարտահրաւէր մըն է, Աստուածաշունչի ուսուցիչ մը պէտք է ստեղծագործ ըլլայ, որպէսզի աշակերտին հետաքրքրութիւնը գրգռէ։ Ասիկա ի՞նչպէս կարելի է իրագործել։

Թէեւ Գէթի եւ Էտնա իրարմէ 600 քիլոմեթր հեռու կ’ապրին, սակայն Գէթի անոր հետ Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւն մը վարեց։ Փոխանակ օժանդակ գրքին մէջ եղած հարցումները նամակին մէջ ընդօրինակելու, Գէթի զատ թուղթ մը պատրաստեց, ուր հարցումները ընդօրինակեց եւ անոնց ներքեւ պատասխանելու տեղ ձգեց։ Երբ Էտնա պարապ ձգուած տեղերը պատասխաններով լեցնելէն յետոյ նամակը ուղարկէր, Գէթի կը պատասխանէր եւ եթէ պէտք ըլլար կէտ մը յստակացնել, զայն ալ կ’աւելցնէր։ Գէթի կ’ըսէ. «Մեր ‘ուսումնասիրութեան’ համար Չորեքշաբթի երեկոները տրամադրած էի, եւ փորձեցի այս յայտագրին կառչիլ, ինչպէս որ պիտի ընէի ուրիշ որեւէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան ժամադրութեան պարագային։ Նաեւ Էտնային դրոշմաթուղթ դրուած եւ հասցէագրուած պահարան մը կը ղրկէի։ Քանի որ թղթատարութիւնը երկու շաբաթ կ’առնէր, նամակագրութեամբ ուսումնասիրութիւնը դանդաղ կը թուէր»։

Երեւակայեցէք այն ուրախութիւնը, երբ Գէթին ու Էտնան երես առ երես իրարու հանդիպեցան Անքորաժի մէջ տեղի ունեցող նահանգային համաժողովի մը մէջ, տասը ամիս նամակագրութեամբ ուսումնասիրելէ ետք։ Վկաները նաեւ ուրախ էին որ ներկաներուն մէջ Աստուածաշունչի աշակերտներ, ինչպէս նաեւ հետաքրքրուած անհատներ կային, որոնք եկած էին Ալասքայի մեկուսացած զանազան գիւղերէն։

Թէեւ երբեմն կրնայ թուիլ որ աճումը դանդաղ է, բայց ‘հունտերէն’ ոմանք երբ ճշմարտութեան լոյսին հետ շփման մէջ գան, շուտով կը ծլին։ Միջին հաշուով, ամէն տարի աւելի քան հարիւր Եհովայի նոր փառաբանողներ կը մկրտուին Ալասքայի մէջ։ «Շնորհակալ ենք Եհովա, որ կ’աճեցնես»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել