Կեանքի ճամբուն վրայ դրուած նշանաձողեր
ԵԹԷ ձեզի անծանօթ եղող ճամբէ մը անցնէիք, նշանաձողերը արգելք մը պիտի համարէի՞ք։ Անշուշտ ո՛չ։ Վստահաբար զանոնք ձեր որոշեալ վայրին հասցնող ճամբէն չխոտորելու համար օգնութիւն մը պիտի նկատէիք։
Արդ, կեանքի ճամբուն մէջ քալելու մասին ի՞նչ կրնայ ըսուիլ։ Առանց նշանաձողերու կրնա՞ք ձեր ճամբորդութիւնը յաջողութեամբ կատարել։ Աստուծոյ վաղեմի մարգարէներէն մէկը այս առնչութեամբ մարդկութեան սահմանափակումներուն գիտակցեցաւ։ Ան ըսաւ. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։—Երեմեայ 10։23
Հետեւաբար, պէտք եղած առաջնորդութիւնը ո՞ւր կարելի է գտնել։ Մարդուն Ստեղծիչը այսպիսի առաջնորդութեան վստահելի աղբիւր մըն է, իսկ այլաբանական նշանաձողերը Աստուածաշունչին մէջ կը գտնուին։ Իր Խօսքին միջոցաւ Եհովա կ’ըսէ. «Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս, քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. ‘Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք’»։—Եսայեայ 30։21
Այո, Աստուծոյ Խօսքը վստահելի առաջնորդութիւն կու տայ մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։ (Եսայեայ 48։17. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17) Սակայն, դժբախտաբար, մարդկութեան մեծամասնութիւնը կեանքի ճամբուն մէջ կը ճամբորդէ առանց Աստուծոյ առաջնորդութեան։ (Մատթէոս 7։13) Այսուհանդերձ, նշանաձողերը ամուր կերպով իրենց տեղերը դրուած են։ Մինչ կեանքի ճամբուն մէջ կը քալէք, անոնց ուշադրութիւն պիտի ընէ՞ք։