Բարի անուն մը պահել
ԳԵՂԵՑԻԿ նկարչութիւն մը մօտէն ուսումնասիրելը վարձահատոյց փորձառութիւն մըն է։ Զայն մօտէն զննելով, պիտի նշմարէք որ արուեստագէտը վրձինի հարիւրաւոր հարուածներ գործածած է, կտաւին վրայ տարբեր գոյներ դնելու համար։
Նոյն կերպով, լաւ անուն մը վրձինի մէկ մեծ հարուածով չի շինուիր, այլ՝ ժամանակաշրջանի մը մէջ կատարուած պզտիկ արարքներով։ Այո, մեր իրագործած բաներով կամաց–կամաց համբաւի մը կը տիրանանք։
Ասոր հակառակը, վրձինի անտեղի հարուած մը կրնայ նկարչութիւն մը արժէքազրկել։ Մեր անուան հետ ալ պարագան նոյնն է։ Սողոմոն Իմաստուն Թագաւորը ըսաւ. «Մարդուն յիմարութիւնը անոր ճամբան կ’աւերէ»։ (Առակաց 19։3) Այդպէս կոչուած պզտիկ յիմարութիւն մը, թերեւս բարկութեան վայրագ պոռթկում մը, ոգելից ըմպելիներու անչափաւոր գործածութիւն մը, կամ սեռային մէկ պիղծ արարք, կրնայ լաւ համբաւ մը աւրել։ (Առակաց 6։32. 14։17. 20։1) Ուստի, որքան կենսական է բարի անուն մը ձեռք ձգել եւ զայն պահելու համար նախանձախնդրաբար աշխատիլ։—Համեմատել՝ Յայտնութիւն 3։5։