Անոնք «Աստուծմէ վախցան»
ԵՐԲ Իսրայելացիները գերի էին Եգիպտոսի մէջ, Եբրայեցի մանկաբարձները՝ Սեփրա եւ Փուա, շատ դժուար կացութեան մատնուեցան։ Օտար ժողովուրդին արագ աճը արգիլելու փորձ մը կատարելով, Փարաւոն այս կիներուն հետեւեալ պատուէրը տուաւ. «Եբրայեցի կիներուն տղաքը առած ատեննիդ՝ . . . եթէ տղայ է՝ պէտք է մեռցնէք»։—Ելից 1։15, 16
Սեփրա եւ Փուա «Աստուծմէ վախցան», ուստի ոյժ առնելով «Եգիպտոսի թագաւորին իրենց ըսածին պէս չըրին»։ Այլ, տղայ մանուկները ողջ պահեցին, հակառակ անոր որ այս խիզախ կեցուածքը կրնար իրենց մահուան պատճառ ըլլալ։ Եհովա «մանկաբարձներուն բարիք ըրաւ» եւ իրենց փրկարար արարքին համար զիրենք վարձատրեց։—Ելից 1։17-21
Այս պատմութիւնը կ’ընդգծէ որ Եհովա կը գնահատէ իրեն ծառայողները։ Ան կրնար Սեփրայի եւ Փուայի ըրածը քաջարի տեսնելով, պարզ մարդասիրութիւն նկատել։ Իսկապէս ալ, ողջամիտ ոեւէ կին մանուկներ պիտի չսպաննէր։ Սակայն, Եհովա նկատի առաւ որ կարգ մը անհատներ, մարդու վախի պատճառաւ, ատելավառ արարքներ գործած են։ Ան գիտցաւ որ այս մանկաբարձները ոչ միայն մարդկային ազնուութենէ մղուած, այլ աստուածային վախէ եւ նուիրումէ ալ մղուած էին։
Որքա՜ն երախտապարտ կրնանք ըլլալ որ կը ծառայենք Աստուծոյ մը, որ նկատի կ’առնէ մեր հաւատարիմ արարքները։ Ճիշդ է որ թերեւս ոչ մէկս Սեփրայի եւ Փուայի նման փորձութեան մը ենթարկուած ենք։ Բայց երբ հաստատ կը մնանք շիտակին մէջ, անիկա ըլլայ դպրոցը, աշխատավայրին մէջ թէ այլ կացութեան մը մէջ, Եհովա պարզի չ’առներ մեր հաւատարիմ սէրը։ Ընդհակառակը, «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ (Եբրայեցիս 11։6) Այո, «Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք»։—Եբրայեցիս 6։10