«Թագաւորութեան սրահ այցելութիւնս»
Լորաa անունով համալսարանական աշակերտուհիի մը նշանակում տրուեցաւ որ կրօնական արարողութեան մը ներկայ գտնուի եւ իր փորձառութեան մասին տեղեկագրութիւն մը գրէ։ Ան Եհովայի Վկաները ընտրեց եւ իր շարադրութեան տուաւ հետեւեալ խորագիրը. «Թագաւորութեան Սրահ Այցելութիւնս»։ Լորա, Վկաներուն մէջ ի՞նչ բաներ տարբեր գտաւ։ Իր յիշած շատ մը բաներուն կողքին, կային հետեւեալ կէտերը։
Երախաներ. «Բոլոր երախաներն ալ չափահասներուն հետ միեւնոյն սենեակին մէջ էին։ Իմ յաճախած բոլոր եկեղեցիներուս մէջ, երախաները կը ձգեն իրենց ծնողքը եւ Կիրակնօրեայ Դպրոցի կը մասնակցին»։
Ցեղային անխտրութիւն. «Սովորաբար, եկեղեցիներ որոշ ցեղի կամ ազգատոհմի պատկանող անդամներ կ’ընդունին։ . . . Բայց, Եհովայի Վկաները բոլորն ալ միասնաբար նստած էին եւ առանց խմբակներ կազմելու»։
Լաւ ընդունելութիւն. «Շատեր մօտեցան ու հետս խօսեցան։ . . . Ոմանք նոյնիսկ հարցուցին թէ մէկու մը հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրե՞մ։ Սակայն, այն զգացումը չունեցայ թէ անոնք իմ վրաս ճնշում կը բանեցնէին։ Անոնք . . . որոշումը ինծի ձգեցին»։
Հանգանակութիւն չկայ. «Ինծի համար իրապէս զարմանալի էր որ որեւէ հանգանակութիւն չեղաւ։ . . . Իմ այցելած եկեղեցիներուս մէջ, նոյնիսկ Կիրակնօրեայ դասարաններուն մէջ հանգանակութիւններ կ’ընեն»։
Համայն աշխարհի մէջ մօտաւորապէս 90,000 Եհովայի Վկաներու ժողովքներ կան։ Չէ՞ք փափաքիր մօտակայ ժողովք մը այցելել։
[Ստորանիշ]
a Անհատին անունը փոխուած է։