Երբ ‘հովերը մեզի դէմ են’
Նաւով Գալիլիոյ Ծովը կտրելու համար Յիսուսի աշակերտներուն պայքարը վառ կերպով նկարագրելու ատեն, Աւետարանիչ Մարկոս կ’ըսէ թէ անոնք «կը տագնապէին հովէն թի քաշելու ատեն, վասն զի հովը իրենց դէմ էր»։ (Մարկոս 6։48-51) Յիսուս ծովեզերքէն նշմարեց անոնց կացութիւնը եւ հրաշքով ծովուն վրայէն քալեց, անոնց հասնելու համար։ Երբ ‘նաւը ելաւ անոնց քով, հովը դադարեցաւ’։—Մարկոս 6։48-51
Աստուածաշունչի նոյն գրողը տեղեկագրեց թէ նախապէս ուրիշ առիթով մը, «մեծ փոթորիկ մը ելաւ»։ Այն ատեն Յիսուս «սաստեց հովին . . . ։ Հովը դադարեցաւ եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ»։—Մարկոս 4։37-39
Թէեւ ներկայիս առանձնաշնորհուած չենք այսպիսի հրաշալի դէպքերու ականատես ըլլալու, բայց անոնցմէ շատ բան կրնանք սորվիլ։ Վտանգաւոր ժամանակներու մէջ ապրող անկատար անհատներ ըլլալով, հակառակութեան հովերէ զերծ չենք։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Իրականութեան մէջ, երբեմն կրնանք զգալ թէ անձնական փորձութիւններու հետ առնչուած նեղութիւնը փոթորիկի ուժգնութեան կը հասնի։ Սակայն օգնութիւն մատչելի է։ Յիսուս հրաւէր կու տայ. «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնած ու բեռնաւորուածներ եւ ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ»։—Մատթէոս 11։28
Երբ թուի թէ ‘հովերը մեզի դէմ են’, կրնանք սրտի «մեծ խաղաղութիւն» վայելել։ Ի՞նչպէս։ Եհովա Աստուծոյ ստոյգ խոստումներուն վստահելով։—Համեմատել՝ Եսայեայ 55։9-11. Փիլիպպեցիս 4։5-7