Կախարդութեան մասին ի՞նչ գիտէք
ԿԱԽԱՐԴՈՒԹԻՒՆ։ Այդ բառը ի՞նչ կը յիշեցնէ ձեզի։
Շատերուն համար, անիկա նախապաշարումի ու մտահաճոյքի էական տարրն է, որ լուրջի պէտք չէ առնուի։ Ըստ իրենց, կախարդութիւնը կ’ապրի միայն երեւակայութեան ծիրին մէջ. կնգղաւոր վերարկուներ հագած ծեր վհուկներ, եռացող մեծ կաթսայի մը մէջ ջղջիկի թեւեր կ’աւելցնեն, մարդիկ գորտերու կը վերածեն եւ գիշերուան երկնքին մէջ ցախաւելներու վրայ կը սաւառնին, չարամտօրէն կառաչելով։
Ուրիշներու համար, կախարդութիւնը լուրջ հարց մըն է։ Կարգ մը հետազօտիչներ կ’ըսեն թէ երկրի բնակչութեան կէսէն աւելին կը հաւատան թէ կախարդները իրական են եւ կրնան ուրիշներու կեանքին վրայ ազդեցութիւն բանեցնել։ Միլիոնաւորներ կը հաւատան թէ կախարդութիւնը չար ու վտանգաւոր բան մըն է, որմէ լրջօրէն պէտք է վախնանք։ Զոր օրինակ, Ափրիկեան կրօնքին մասին գիրք մը կ’ըսէ. «Չարաբաղձիկ կախարդութեան, հմայութեան եւ վհուկութեան գործերուն ու վտանգներուն հաւատալը, խորապէս արմատ կապած է Ափրիկեան կեանքին մէջ . . . Կախարդներ եւ հմայողներ իրենց համայնքին մէջ ամենէն քամահրուած մարդիկն են։ Մինչեւ օրս, կան տեղեր եւ առիթներ երբ անոնք ժողովուրդին կողմէ մինչեւ մահ կը ծեծուին»։
Սակայն, Արեւմտեան երկիրներու մէջ, կախարդութիւնը պատկառելիութեան նոր դիմակ մը հագած է։ Գրքեր, հեռատեսիլի յայտագիրներ եւ շարժապատկերներ շատ նպաստած են որ կախարդութեան հանդէպ վախը նուազի։ Զբօսանքը վերլուծող Տէյվիտ Տէյվիս դիտել կու տայ. «Յանկարծ, կախարդները աւելի երիտասարդ ու գրաւիչ դարձած են։ Հոլիվուտի շարժապատկերի ճարտարարուեստը հոսանքներէ տեղեակ ըլլալու մէջ արագ է։ . . . Կախարդները աւելի գրաւիչ եւ սիրելի դարձնելով, անոնք աւելի շատ հանդիսատեսներու կրնան կոչ ընել, ի ներառեալ կիներ ու երախաներ»։ Հոլիվուտը գիտէ որեւէ հոսանք շահաւէտ նախաձեռնութեան մը վերածելու կերպը։
Ոմանք կ’ըսեն թէ կախարդութիւնը ամենէն արագ աճող հոգեւոր շարժումներէն մէկը եղած է Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Զարգացած երկիրներու մէջ, երթալով աւելի շատ անհատներ, իգապաշտպան շարժումներու կողմէ ներշնչուած ու գլխաւոր կրօնքներէն հիասթափուած՝ հոգեւոր գոհացում կը փնտռեն կախարդութեան զանազան տեսակներուն մէջ։ Իրականութեան մէջ, կախարդութեան տեսակները այնքան շատ են, որ մարդիկ նոյնիսկ «կախարդ» բառին իմաստին շուրջ տարակարծիք են։ Սակայն, դաւանեալ կախարդներ յաճախ կ’առնչուին Ուիքքայի հետ, որ բառարանի մը մէջ սահմանուած է որպէս «հեթանոսական բնոյթ ունեցող կրօնք մը, որու արմատները կը գտնենք նախաքրիստոնէական ժամանակներու արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, եւ 20–րդ դարուն վերազարթնում մը կ’ունենայ»։a Հետեւաբար, շատեր նաեւ իրենք զիրենք կը կոչեն հեթանոսներ կամ նոր–հեթանոսներ։
Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, կախարդները ատուած, հալածուած, չարչարուած եւ նոյնիսկ սպաննուած են։ Զարմանալի չէ որ արդի կախարդներ անձկալից են իրենց մասին ձգուած տպաւորութիւնը բարեճշդելու։ Փորձագիտանքի մը համաձայն, տասնեակ կախարդներու հարցուեցաւ թէ ո՞ր պատգամը յատկապէս կ’ուզէին ժողովուրդին հաղորդել։ Հետազօտիչ Մարկօ Ատլըրի կողմէ ամփոփուած՝ անոնց պատասխանն էր. «Մենք չար չենք։ Բանսարկուն չենք պաշտեր։ Մարդոց չենք վնասեր կամ հրապուրեր։ Վտանգաւոր չենք։ Մենք ձեզի նման սովորական մարդիկ ենք։ Ունինք ընտանիքներ, գործեր, յոյսեր ու երազներ։ Աղանդ մը չենք։ Այլանդակ չենք։ . . . Մեզմէ վախնալու կարիքը չունիք։ . . . Ձեր խորհածէն աւելի մենք ձեզի նման ենք»։
Այդ պատգամը հետզհետէ ընդունելի դարձած է։ Սակայն, ասիկա կը նշանակէ՞ թէ կախարդութեան մասին մտահոգուելու պատճառ չկայ։ Այս հարցումը նկատի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։
[Ստորանիշ]
a Անգլերէն «կախարդութիւն» բառը (witchcraft) ծագում կ’առնէ Հին Անգլերէնի «ուիչ» եւ «ուիչէ» բառերէն, որոնք յաջորդաբար կ’ակնարկեն էգ կախարդի եւ արու կախարդի։