Մասնայատուկ առիթ մը. հոն պիտի ըլլա՞ք
ՅԻՇԱՏԱԿԵԼԻ օր մը՝ աւելի քան 3,500 տարիներ առաջ, Եհովա Աստուած Եգիպտոսի մէջ գերեվարուած իւրաքանչիւր Իսրայելացի ընտանիքէն պահանջեց որ գառնուկ մը կամ ուլ մը մորթեն, եւ անոր արիւնէն առնեն ու իրենց տան երկու կողմի դրանդիքներուն եւ վերի սեմին վրայ քսեն։ Նոյն այդ գիշերը, Աստուծոյ հրեշտակը այս կերպով նշան ունեցող տուներուն վրայէն անցաւ, սակայն բոլոր Եգիպտացիներուն տուներուն մէջ գտնուող անդրանիկ արուները սպաննեց։ Անկէ ետք Իսրայելացիները ազատագրուեցան։ Այդ դէպքի տարեկան յիշատակին՝ Հրեաները Պասեքը կը տօնեն։
Յիսուս Քրիստոս իր առաքեալներուն հետ իր վերջին Պասեքը տօնելէն անմիջապէս ետք, ընթրիք մը հաստատեց, որ իր զոհաբերական մահը պիտի յիշատակէր։ Ան իր առաքեալներուն անխմոր հաց հրամցուց եւ ըսաւ. «Առէ՛ք, կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս»։ Ապա գաւաթ մը գինի տուաւ անոնց եւ ըսաւ. «Ամէնքդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ. վասն զի ասիկա է իմ արիւնս նոր ուխտի, որ պիտի թափուի՝ շատերու մեղքերուն թողութեան համար»։ Յիսուս նաեւ ըսաւ. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ (Մատթէոս 26։26-28. Ղուկաս 22։19, 20) Ուստի, Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ իր մահուան յիշատակը տօնեն։
Այս տարի Յիսուսի մահուան յիշատակատօնը կը զուգադիպի Չորեքշաբթի 19 Ապրիլին՝ մայրամուտէն ետք։ Եհովայի Վկաները համայն աշխարհի մէջ պիտի հաւաքուին այս մասնայատուկ գիշերը, այս Յիշատակատօնը կատարելու համար՝ Յիսուսի պահանջած կերպով։ Դուք ալ ջերմօրէն հրաւիրուած էք մեզի միանալու որպէս հանդիսատեսներ։ Հաճեցէք ձեր շրջանին մէջ գտնուող Եհովայի Վկաներուն հետ ստուգել ժողովին ճշգրիտ ժամն ու վայրը։