«Քու սեղանիդ չորս կողմը պիտի պտըտիմ, ո՛վ Եհովա»
«ԱՆՄԵՂՈՒԹԻՒՆՈՎ ձեռքերս պիտի լուամ եւ քու սեղանիդ չորս կողմը պիտի պտըտիմ, ո՛վ Եհովա»։ (Սաղմոս 26։6, ՆԱ) Երբեմնի Դաւիթ Թագաւոր այս խօսքերով Եհովայի հանդէպ իր նուիրումը յայտարարեց։ Սակայն, ան ինչո՞ւ Եհովայի սեղանին ‘չորս կողմը պիտի պտըտէր’ եւ ի՛նչ առումով։
Դաւիթի համար, Եհովայի պաշտամունքին կորիզը կը կազմէր խորանը, իր պղինձով ծածկուած զոհի սեղանով, որ իր իշխանութեան ընթացքին Երուսաղէմի հիւսիսը, Գաբաւոնի մէջ կը գտնուէր։ (Գ. Թագաւորաց 3։4) Այս խորանը միայն 2.2 քառակուսի մեթր էր, Սողոմոնի տաճարի գաւիթին մէջ կառուցուելիք հոյակապ խորանէն շատ աւելի պզտիկ։a Այսուհանդերձ, Դաւիթի մեծ հաճոյք կը պատճառէր տաղաւարը՝ իր սեղանով, որ Իսրայէլի մէջ մաքուր պաշտամունքի կեդրոնն էր։—Սաղմոս 26։8
Սեղանին վրայ ողջակէզներ, խաղաղութեան զոհեր եւ յանցանքի պատարագներ կը կատարուէին, իսկ տարեկան Քաւութեան Օրը, ամբողջ ազգին համար մասնայատուկ զոհեր կը մատուցուէին։ Սեղանը եւ զոհերը իմաստ մը կը կրեն ներկայ Քրիստոնեաներուն համար։ Պօղոս առաքեալ բացատրեց որ սեղանը կը ներկայացնէր Աստուծոյ կամքը, որու համաձայն Ան ընդունեց մարդկութիւնը վերագնելու համար մատուցուած յարմար զոհը։ Պօղոս ըսաւ. «Անոր կամքով մենք ալ սրբուեցանք՝ Յիսուս Քրիստոսին մարմնին մէկ անգամ պատարագուելովը»։—Եբրայեցիս 10։5-10
Սեղանին շուրջ իրենց սպասարկութիւնը սկսելէն առաջ, քահանաները սովորաբար իրենք զիրենք մաքրելու համար իրենց ձեռքերը ջուրով կը լուային։ Տեղին ըլլալով ուրեմն, Դաւիթ Թագաւոր ‘սեղանին չորս կողմը պտըտելէն’ առաջ իր ձեռքերը «անմեղութիւնով» կը լուար։ Ան «կատարեալ սրտով եւ ուղղութեամբ» կը վարուէր։ (Գ. Թագաւորաց 9։4) Եթէ ինք այս կերպով չլուար իր ձեռքերը, իր պաշտամունքը՝ ‘սեղանին չորս կողմը պտըտիլը’՝ ընդունելի պիտի չըլլար։ Անշուշտ, Դաւիթ Ղեւտացի մը չէր եւ սեղանին վրայ քահանայական սպասարկութիւն կատարելու առանձնաշնորհում չունէր։ Թէեւ թագաւոր էր, բայց վկայութեան խորանին նոյնիսկ գաւիթը մտնելու արտօնութիւն չունէր։ Սակայն, որպէս հաւատարիմ Իսրայելացի մը, ինք Մովսիսական Օրէնքին կը հնազանդէր եւ կանոնաւորաբար իր զոհերը կը բերէր սեղանին վրայ ներկայացնելու համար։ Ան սեղանին չորս կողմը կը պտըտէր այն առումով որ, իր կեանքը մաքուր պաշտամունքին վրայ կը կեդրոնացնէր։
Ներկայիս մենք ալ Դաւիթի օրինակին կրնա՞նք հետեւիլ։ Այո՛, մենք ալ կրնանք մեր ձեռքերը անմեղութեամբ լուալ եւ Եհովայի սեղանին չորս կողմը պտըտիլ, եթէ Յիսուսի զոհագործութեան հաւատք ընծայենք ու «ձեռքերով սուրբ ու սրտով մաքուր» ըլլալով սրտանց ծառայենք Եհովայի։—Սաղմոս 24։4
[Ստորանիշ]
a Այդ սեղանը մօտ 9 քառակուսի մեթր էր։
[Նկար՝ էջ 23]
Սեղանը կը պատկերացնէր Եհովայի կամքը, որուն միջոցաւ ան մարդկութեան փրկութեան համար յարմար զոհ մը կ’ընդունի