Ո՞վ վերջ պիտի դնէ բռնութեան
ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1999–ին, ՄԱԿ–ի Ընդհանուր Քարտուղար Քոֆի Անան, պատուիրակներուն բարի գալուստ մաղթեց՝ Ընդհանուր Համագումարի 54–րդ ամեակի նիստին։ Թորոնթօ Սթար–ին տեղեկագրութեան համաձայն, ան աշխարհի առաջնորդներուն կոչ ուղղեց, ըսելով. «Մեծ է թիւը այն անհատներուն որոնք միջազգային համայնքին կարեկցական խօսքերէն աւելիին կարիքը ունին։ Անոնք կարիքը ունին իսկական ու հաստատ յանձնառութեան մը, որ վերջ դնէ անվերջ բռնութեան եւ զիրենք ապահով կերպով հասցնէ բարգաւաճութեան ափը»։
ՄԱԿ–ը եւ իր անդամ ազգերը կրնա՞ն բռնութեան վերջ դնելու համար հարկ եղած «իսկական ու հաստատ յանձնառութիւն»ը հայթայթել։ Սթար–ի նոյն տեղեկագրութեան մէջ, մէջբերուած են Ա.Մ.Ն. Նախագահ Պիլ Քլինթընի խօսքերը. «Այս դարուս տեղի ունեցած բոլոր արիւնահեղութիւններէն ետք, գիտենք թէ դիւրին է ըսել ‘անգամ մը եւս պիտի չպատահի’, սակայն զայն իրագործելը շատ աւելի դժուար է»։ Ան աւելցուց. «Շատ բան խոստանալը՝ շատ քիչ հոգ տանելուն չափ անողորմ կրնայ ըլլալ»։
Աւելի քան 2,500 տարիներ առաջ, Երեմիա մարգարէն մարդկային ջանքերու մասին ըսաւ. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ (Երեմեայ 10։23) Ուստի, յոյս կա՞յ որ բռնութիւնը վերջ գտնէ։
Ինչպէս կը կարդանք Եսայեայ 60։18–ի մէջ, Աստուած հետեւեալ երաշխիքը կու տայ. «Անգամ մըն ալ քու երկրիդ մէջ՝ բռնութիւն եւ քու սահմաններուդ մէջ յափշտակութիւն ու կոտորած տեղի պիտի չունենայ»։ Այդ մարգարէութիւնը նախնական կատարում մը ունեցաւ, երբ Աստուած իր աքսորեալ ժողովուրդը իրենց հայրենիքը վերադարձուց։ Անիկա աւելի հոյակապ կատարում մըն ալ ունի, որմէ մենք ալ կրնանք օգտուիլ։ Եհովա Աստուծոյ ‘խոստացածը շատ բան չէ’։ Որպէս Բարձրեալ եւ մարդկութեան Արարիչ, ան «անվերջ բռնութեան» վերջ դնելու ի վիճակի է։ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ, խաղաղութիւն պիտի տիրէ։ Բռնութիւնը յաւիտեա՛ն անհետացած պիտի ըլլայ։—Դանիէլ 2։44