Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ00 7/1 էջ 32
  • Ինչո՞ւ ներող ըլլալ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչո՞ւ ներող ըլլալ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
դ00 7/1 էջ 32

Ինչո՞ւ ներող ըլլալ

ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ հետազօտութեան մը ձեռնարկած են, որ սկսած է ցոյց տալ թէ ներելը կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ զգացական եւ, շատ հաւանաբար, ֆիզիքական առողջութեան վրայ», կը տեղեկագրէ գանատական Տը Թորոնթօ Սթար–ը։ Սակայն, Սթանֆըրտ Համալսարանէն (Ա.Մ.Ն.), Ուսուցչապետ Գարլ Թորըսըն, Սթանֆըրտի Ներողամտութեան Ծրագրին գլխաւոր հետախոյզը, կ’ըսէ թէ «քիչ անհատներ կը հասկնան թէ ի՛նչ է ներելը եւ թէ անիկա ի՛նչպէս կը յաջողի»։

Անկեղծ ներողամտութիւնը Քրիստոնէութեան կենսական մէկ երեսակը կը նկատուի։ Տը Թորոնթօ Սթար–ի տեղեկագրութիւնը զայն հետեւեալ կերպով կը սահմանէ. «Գիտակցիլ թէ ձեզի դէմ սխալ մը գործուած է, անկէ առթած բոլոր վիրաւորանքէն հրաժարիլ, եւ ի վերջոյ ձեզ վիրաւորող անհատին կարեկցութեամբ եւ նոյնիսկ սիրով ընդառաջել»։ Պէտք է տեսնել որ անիկա վիրաւորանքի մը աչք խփելէն, զայն արդարացնելէն, մոռնալէն կամ ուրանալէն տարբեր է. նաեւ չի նշանակեր որ դուք ձեզ դարձեալ նախատական պարագայի մը մէջ պէտք է դնէք։ Տեղեկագրութիւնը կ’ըսէ թէ իսկական ներումին բանալին՝ «բարկութեան եւ բացասական զգացումներու տեղի տալ»ն է։

Հետազօտողներ կ’ըսեն թէ ներելու ֆիզիքական օգուտներուն մասին յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ ընելու կարիքը կայ։ Սակայն, անոնք կը տեղեկագրեն հոգեկան օգուտներ, մէջը ըլլալով «աւելի նուազ ճնշուածութիւն, մտատանջութիւն եւ յուսալքում»։

Ներող ըլլալու ընտիր պատճառ մը յիշուած է Եփեսացիս 4։32–ի մէջ, ուր կ’ըսէ. «Իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, [«անհաշիւ», ՆԱ] ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով [«անհաշիւ», ՆԱ] ներեց ձեզի»։ Երբ հարցը կը վերաբերի ներելու, ինչպէս է պարագան ուրիշ մարզերու, մեզի յորդոր տրուած է որ Աստուծոյ օրինակին հետեւինք։—Եփեսացիս 5։1

Ողորմած ըլլալու հիմ մը ունենալով հանդերձ, երբ մերժենք ուրիշներու ներել, ասիկա կրնայ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը վտանգել։ Եհովա մեզմէ կ’ակնկալէ որ իրարու ներենք։ Ա՛յն ատեն կրնանք աղօթել որ ինքն ալ մեզի ներէ։—Մատթէոս 6։14. Մարկոս 11։25. Ա. Յովհաննու 4։11

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել