Բարի գործերը Աստուծոյ փառք կը բերեն
ԱՍՏՈՒԱԾ սիրող անհատներ կը ջանան իր Խօսքէն՝ Աստուածաշունչէն եկած հոգեւոր լոյսը արտացոլացնել։ Ասիկա ընելով, անոնք կը հետեւին Յիսուսի պատուէրին. «Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է»։ (Մատթէոս 5։16) Մեր արտայայտուած կերպը, ինչպէս նաեւ շիտակ վարմունքը, Աստուծոյ փառք կը բերեն։
Եհովայի Վկաները կ’աշխատին Աստուած հաճեցնել Աստուածաշունչին հետ ներդաշնակ գործելով եւ ջանալով հոգեւորապէս ուրիշներուն օգնել։ Անոնք ասիկա կ’ընեն նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ, ուր իրենց հանրային քարոզչութիւնը տակաւին օրինաւոր կերպով գրանցուած չէ։ Այս երկիրներէն մէկուն մայրաքաղաքին մէջ, Վկաները տարեկան նահանգային համաժողովներ կ’ունենան 6,000–էն 9,000 ներկաներով։ Այսպիսի հաւաքոյթներու համար, անոնք սրահներ կը վարձեն համալիրի մը մէջ, ուր ցուցահանդէսներ տեղի կ’ունենան։ Ինչպէս նախորդ տարիներուն սովորաբար կ’ընէին, 1999–ի իրենց համաժողովէն առաջ, հարիւրաւոր Վկաներ ծանր աշխատեցան վայրը մաքրելու, ձայնի դրութիւնը սարքելու եւ հազարաւոր աթոռներ շարելու համար։
Այս բոլոր պատրաստութիւնը աննկատ չմնաց։ Համալիրին վարչական անձնակազմը նկատեց այս աշխատանքը։ Անիկա նաեւ տեսաւ որ, թէեւ ներկաներու բարձրագոյն թիւը 15,666–ի հասաւ, սակայն ամէն բան դիւրասահ ընթացաւ եւ Վկաները շատ կարգապահ էին։ Անձնակազմը նաեւ տպաւորուեցաւ վերջաւորութեան կատարուած ամբողջական մաքրութեամբ։
Տնօրէնութիւնը այս բոլորին հանդէպ գնահատութիւն ցուցաբերեց, Վկաները ցանկին մէջ առաջնակարգ տեղը դնելով, որպէսզի յաջորդ տարի կառոյցը վարձելու առաջին պատեհութիւնը անոնց տրուի։ Սակայն, տնօրէնութիւնը ասկէ աւելին ալ ըրաւ։ 15 Յուլիս 1999–ին, անիկա համաժողովի յանձնախումբին գնահատական պարգեւ մը շնորհեց։ Յուշատախտակին վրայ հետեւեալ խօսքերը գրուած էին՝ «Եհովայի Վկաներու ժողովք». անսպասելի բան մը, երկրի մը մէջ ուր անոնց սուրբ գրային դաստիարակչական գործը արգիլուած է։
2000/2001–ի ընթացքին, ամբողջ աշխարհի մէջ, կ’ակնկալուի որ միլիոնաւոր անհատներ ներկայ գտնուին «Աստուծոյ Խօսքը Կատարողներ» բնաբանով Եհովայի Վկաներու հարիւրաւոր Նահանգային Համաժողովներուն։ Դուք ալ ներկայ գտնուելով, կրնաք անձամբ տեսնել թէ Աստուածաշունչին ըսածները անկեղծօրէն կատարողները ինչպէս Աստուծոյ փառք բերող բարի գործեր կ’ընեն։