Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ00 8/15 էջ 32
  • Նաւաստիէն առնուած դաս մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Նաւաստիէն առնուած դաս մը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
դ00 8/15 էջ 32

Նաւաստիէն առնուած դաս մը

ԾՈՎՈՒՆ բացերը առանձին նաւարկելը կրնայ յոգնեցուցիչ ըլլալ։ Յոգնութեան թմրեցնող ազդեցութիւնը կրնայ դիւրաւ հարկադրել որ նաւաստին վտանգաւոր սեմի մը հասնելով վրիպումներ ունենայ ու սխալ որոշումներ տայ։ Այս պատճառաւ, ան ծովու խարիսխի մը արժէքը կը գնահատէ։ Խարիսխը թոյլ կու տայ որ ուժասպառ նաւաստի մը հանգչի եւ կազդուրուի, առանց վտանգաւոր հոսանքէն տարուելու։ Միեւնոյն ժամանակ, ծովու խարիսխը կը ստիպէ որ նաւուն յառաջամասը հովին եւ ալիքներուն կողմը ըլլայ, եւ նաւը ամենէն կայուն դիրքին մէջ կը պահէ։

Ճիշդ ինչպէս որ նաւաստիները բազմաթիւ վտանգներու կը հանդիպին ծովուն վրայ, Քրիստոնեաներն ալ յարատեւաբար այս աշխարհի ճնշումները կը դիմագրաւեն եւ հանգչելու կարիքը կը զգան։ Իրականութեան մէջ, անգամ մը Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրեց. «Եկէք դուք առանձին անապատ մը եւ քիչ մը հանգչեցէք»։ (Մարկոս 6։31) Ներկայիս, ոմանք թերեւս քանի մը շաբաթ արձակուրդ կ’առնեն ճամբորդելու համար, կամ իրենց ընտանիքին հետ շաբաթավերջ մը տեղ մը կ’երթան հանգստանալու համար։ Այս պահերը կրնան թարմացուցիչ եւ կազդուրիչ ըլլալ։ Սակայն, ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ այսպիսի պահերուն հոգեւորապէս ապահով վիճակի մէջ ենք։ Ի՞նչ բան որպէս ծովու խարիսխ կրնայ ծառայել, մեզի օգնելու համար որ հոսանքէն չտարուինք եւ մեր տեղը հաստատ մնանք։

Եհովա առատաձեռնօրէն կարգադրութիւն մը դիւրամատչելի դարձուցած է։ Անիկա իր Սուրբ Խօսքը՝ Աստուածաշունչն է։ Զայն ամէն օր կարդալով, կրնանք Եհովայի մօտիկ մնալ եւ երբեք իրմէ չհեռանալ։ Անոր խրատները մեզ կը հաստատեն եւ կարող կը դարձնեն որ Սատանայի եւ իր աշխարհին փորձութիւններուն տեղի չտանք։ Աստուածաշունչի ընթերցանութեան կանոնաւոր յայտագիր մը պահելը՝ նոյնիսկ երբ մեր առօրեայ ռութինէն դուրս ենք, կրնայ մեզի համար որպէս հոգեւոր խարիսխ ծառայել։—Յեսուայ 1։7, 8. Կողոսացիս 2։7

Սաղմոսերգուն մեզի կը յիշեցնէ թէ «ուրախ է այն մարդը» որու «հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքը ցած ձայնով կը կարդայ»։ (Սաղմոս 1։1, 2, ՆԱ) Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր կարդալը, իրապէս թարմանալու եւ կազդուրուելու «ուրախ» հետեւանք պիտի ունենայ, մեզ պատրաստելով որ մեր քրիստոնէական ընթացքը շարունակենք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել