Քրիստոնէական սէրը միայն խօսքով չէ
ԵՐԲ հրդեհ մը Պարթոլոմիու ընտանիքին տունը փճացուց Թրինիտատի մէջ, բացի իրենց կեանքէն, անոնք ամէն բան կորսնցուցին։ Մօտակայքը բնակող ազգական մը կրցաւ զանոնք իր տունը առնել, սակայն պատմութիւնը հոս չվերջացաւ։
Օլիվ Պարթոլոմիուն Եհովայի Վկայ մըն է։ Իր ծառայած ժողովքին անդամները, ինչպէս նաեւ շրջակայքը բնակող Վկաներ, սկսան նուիրատուութիւններ ընել, որպէսզի իր ու ընտանիքին կորսնցուցած տունը վերականգնեն։ Վերակառուցման ծրագրին վերահսկելու համար յանձնախումբ մը կազմուեցաւ, եւ շինարարութիւնը սկսաւ։ Շուրջ 20 Վկաներ, քանի մը դրացիներու հետ, ներկայ էին հոն։ Նոյնիսկ պատանիներ բաժին բերին, մինչ ուրիշներ եկան զովացուցիչ հրամցնելու համար։
Ըստ Թրինիտատի Սանտէյ Կարտիըն–ի տեղեկագրութեան, Օլիվ ըսաւ. «Ընտանիքս ափիբերան մնաց։ Անոնք Վկայ չեն. իսկ ամուսինս իր տեսած բանով տակաւին ապշած է»։
Շինարարական ծրագիրը համադասողը, թափուած ջանքերը ամփոփելով ընդգծեց թէ, այսպիսի արարքներ ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը բնորոշող իսկական նշաններ են։ Ան ըսաւ. «Մենք միայն տունէ տուն չենք երթար սիրոյ մասին խօսելու, այլ՝ կը ջանանք մեր քարոզածը գործադրել»։—Յովհաննու 13։34, 35
[Նկար՝ էջ 32]
Օլիվ Պարթոլոմիուն՝ իր ամուսնոյն հետ