«Միութեան օրինակ մը»
ԱՍԻԿԱ յօդուածի մը խորագիրն էր, որ հրատարակուեցաւ Ինտայաթուպայի օրաթերթի մը մէջ, Սէն Բաւլօ, Պրազիլիա։ Որո՞նք օրինակ հանդիսացան։ Գրողը բացատրեց. «Եհովայի Վկաները, որոնք նոր ‘Թագաւորութեան Սրահ’ մը կը շինեն՝ ինչպէս անոնք կը կոչեն իրենց տաճարները կամ հանդիսասրահները՝ համագործակցութեան բացայայտ եւ շօշափելի օրինակ մըն են, զոր կարելի չէ անտեսել»։
Այսպիսի առիթներու, Եհովայի Վկաներու վայելած միութիւնը ուշագրաւ է։ Ուստի, յօդուածը կը նշէր. «Յուզիչ է տեսնել տղամարդ, կին եւ պատանի կամաւորներ, որոնք սիրայօժար կերպով միասնաբար կ’աշխատին, շինելու համար վայր մը, ուր կրնան հաւաքուիլ ու Աստուած պաշտել»։
Եհովայի Վկաները ուրիշ մարզերու մէջ ալ լաւ օրինակ կը հանդիսանան։ «Ուսումնասիրելէ եւ աղօթելէ զատ, անոնց նպատակն է ալքոլամոլները եւ թմրամոլները վերահաստատել եւ մարդոց ցոյց տալ միակամութեան եւ սիրոյ ճամբան», աւելցուց թղթակիցը։ Ասիկա ի՞նչպէս կ’իրագործեն։ Վկաները գիտեն որ Աստուածաշունչի խրատները սորվիլը եւ կիրարկելը կ’օգնէ որ անհատ մը մոլութիւններէ ձերբազատուի։ Անոր համար անոնք կը ջանան ուրիշներու սորվեցնել ինչ որ անձամբ սորված են Աստուածաշունչէն։ Թղթակիցը կ’եզրափակէ որ «ասիկա օրինակ մըն է, որու անկասկած ստիպողական է հետեւիլ»։
Եհովայի Վկաներու ժողովները բաց են հանրութեան դիմաց եւ հանգանակութիւն չկայ։ Սրտանց կը հրաւիրենք ձեզ որ ձեր տան մօտը գտնուող Թագաւորութեան Սրահ մը այցելէք։