Համաշխարհային խաղաղութիւն. ի՞նչպէս
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ խաղաղութիւնը հորիզոնին վրա՞յ է։ Շատեր ատեն մը այդպէս կը խորհէին, սակայն այժմ կը կասկածին։ Հարաւային Ափրիկէի Տէյլի Մէյլ էնտ Կարտիան–ի մէջ հրատարակուած մեր ապագայ դժուարութիւններուն մասին խօսող տեղեկագրութեան մը համաձայն, «միջազգային նոր համակարգի մը մասին միա՛յն 10 տարի առաջ եղած նախագուշակութիւնները՝ ներկայիս չափազանց լաւատեսութիւն կը թուին»։
Տեղեկագրութեան հեղինակները կ’անդրադառնան միայն տասնամեակ մը առաջ տիրող յուսալից մթնոլորտին մասին։ Պաղ Պատերազմը նոր վերջ գտած էր, եւ գերուժերու պայքար ա՛լ չկար։ Նոր դարաշրջանի մը արշալոյսը նկատուած այս ժամանակին, շատեր ակնկալեցին որ մարդկութիւնը պիտի սկսէր յատկանշական յառաջդիմութիւն մը արձանագրել, աղքատութիւնը, հիւանդութիւնը եւ միջավայրային հարցերը ձեռք առնելու հարցին մէջ։ Տեղեկագրութիւնը կ’ըսէ. «Այդ նախատեսութիւնները ներկայիս պատրանք մը կը թուին ըլլալ։ Նոր պատերազմներ բռնկած են այնպիսի շրջաններու մէջ, որոնցմէ հազիւ տեղեակ էինք. համաշխարհային աղքատութիւնը վերելքի մէջ է։ Ներկայիս, երկու նոր կորիզային ուժեր գոյութիւն ունին։ ՄԱԿ–ի համբաւը խորապէս տկարացած է, շարք մը մարդկային աղէտներուն ի տես իր անատակ ընդառաջումին պատճառաւ։ Տրամադրութիւնները ուտոպիայէն՝ հակա–ուտոպիայի կը փոխուին»։
Աստուածաշունչի աշակերտները կը գիտակցին թէ մարդուն ջանքերը, որքան ալ վեհ ըլլան՝ երբեք չեն կրնար լիովին յաջողիլ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ, ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ, «բոլոր աշխարհ չարին մէջ [«զօրութեան ներքեւ», ՆԱ] է»։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Սատանայի իշխանութեան ներքեւ ըլլալով, աշխարհ չի կրնար այն դրախտային վիճակին վերադառնալ, որու համար Աստուած զայն ստեղծած էր։
Միեւնոյն ատեն, լաւատես ըլլալու հիմ մը ունինք։ Եհովա Աստուած կը խոստանայ համաշխարհային խաղաղութիւն բերել, ոչ թէ իրերու այս դրութիւնը կարկտնելով, այլ՝ ‘նոր երկիր մը’ մէջտեղ բերելով, որու մէջ «արդարութիւնը կը բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13) Այո՛, Աստուծոյ Թագաւորութեան միջոցաւ, մեր երկրագունդը խաղաղ եւ ուրախ բնակարանի մը պիտի վերածուի, ուր՝ ապրիլը եւ աշխատիլը մշտատեւ ուրախութիւն պիտի ըլլայ, ամբողջ հնազանդ մարդկութեան համար։ Ասկէ զատ, Աստուած կը խոստանայ ‘անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները սրբել եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ’։ Այս խոստումները մարդոց անկայուն նախագուշակութիւններուն վրայ հիմնուած չեն, այլ՝ անսուտն Ստեղծիչին անսխալական Խօսքին վրայ։—Յայտնութիւն 21։4. Տիտոս 1։2