Ներքին գեղեցկութիւնը մնայուն արժէք ունի
«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ՝ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՍԱՐ ԿԸ ՆԿԱՏԷ», ԴԻՏԵԼ ՏՈՒԱՒ ՏԱՐԵՑ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՄԸ։
Այո, մարդ արարածը երկար ատենէ ի վեր հակումը ունեցած է արտաքին գեղեցկութեան վրայ անտեղի շեշտ դնելու, որ յաճախ պատճառ եղած է ներքին արժէքներու սխալ դատողութեան։ Սակայն, մեր Ստեղծիչը մեր ներսիդին կը նայի, ի՛նչ որ ալ ըլլայ մեր արտաքին երեւոյթը։ Այս կերպով ան հասուն դատողութեան լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանայ։ Ըստ Աստուածաշունչին, Աստուած ըսաւ. «Աստուած մարդուն նման չի նայիր. քանզի մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի»։—Ա. Թագաւորաց 16։7
Աստուած մարդկային իսկակա՛ն գեղեցկութեան Աղբիւրն է, իսկ իր Խօսքը կը յայտնէ թէ երբ հարցը անհատի մը իսկական արժանիքները արժեւորելու գայ, հոգեւոր յատկութիւնները առաջնակարգ տեղը կը գրաւեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Վայելչութիւնը սուտ է ու գեղեցկութիւնը ունայն է, սակայն Տէրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի»։ (Առակաց 31։30) Արդարեւ, արտաքին գրաւչութիւնը կրնայ ներքին տգեղութիւնը ծածկել։ (Եսթերայ 1։10-12. Առակաց 11։22) Թէեւ ֆիզիքական գեղեցկութիւնը ժամանակի ընթացքին կրնայ թառամիլ, սակայն, ներքին գեղեցկութիւնը՝ սրտին յատկութիւնները՝ կրնան աճիլ եւ դիմանալ։
Հետեւաբար, որքան իմաստութիւն է՝ սիրոյ, ուրախութեան, խաղաղութեան, երկայնմտութեան, քաղցրութեան, բարութեան, հաւատքի, հեզութեան եւ ժուժկալութեան նման յատկութիւններ մշակել։ (Գաղատացիս 5։22, 23) Այս կերպով, կրնանք ներքին գեղեցկութիւն ձեռք ձգել, որ իրապէս մնայուն արժէք ունի։—Ա. Պետրոս 3։3, 4