‘Բան մը որ բոլորին ուրախութիւն պէտք է պատճառէ’
ԹՈՒՎԱԼՈՒՆ Հարաւային Խաղաղականի մէջ ինը կղզիներէ բաղկացած գեղեցիկ երկիր մըն է, որ շուրջ 10,500 բնակիչ ունի։ Սակայն, գիտակցելով թէ Աստուծոյ կամքն է որ ‘բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնալու գան’, տեղւոյն Եհովայի Վկաները իրենց լեզուով Աստուածաշունչի գրականութիւններ ունենալու կարօտը ունէին։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4) Ասիկա մարտահրաւէր մըն էր, քանի որ այդ լեզուով բառարան չկար։ 1979–ին, Թուվալուի մէջ ծառայող Եհովայի Վկայ միսիոնար մը, յանձն առաւ այս մարտահրաւէրը։ Ան իր կնոջ հետ միասին տեղացի ընտանիքի մը քով բնակեցան, լեզուն սորվեցան եւ աստիճանաբար Թուվալույերէնի բառացանկ մը պատրաստեցին։ 1984–ին, Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ խորագրով գիրքը հրատարակուեցաւ Թուվալույերէնով, Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
Տոքթ. Թ. Փուափուան, Թուվալուի նախկին վարչապետը, Յաւիտեան Ապրիլ գրքին հանդէպ իր գնահատութիւնը յայտնելու համար նամակ մը յղեց։ Ան գրեց. «Այս գիրքը Թուվալուի հիմնական ‘ժառանգութեան’ վրայ նոր եւ կենսական ուրիշ յաւելում մըն է։ Շատ ուրախ պէտք է ըլլաք ձեր խաղցած դերին՝ այս ազգին հոգեւոր կեանքը կերտելու մէջ ձեր ունեցած հոյակապ դերին՝ համար։ Ես կը հաւատամ որ դաստիարակչական գրքերու հրատարակչութեան հետ առնչուած այս գործը, Թուվալուի պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուի։ . . . Այս [իրագործումը] բոլորին ուրախութիւն պէտք է պատճառէ»։
1993–ին, թարգմանիչին հաւաքած բառացանկը, Թուվալույերէնէ–Անգլերէն բառարանի մը հրատարակութեան առաջնորդեց։ Այդ լեզուով ասիկա ընդհանուր հանրութեան համար պատրաստուած առաջին բառարանն էր։ Վերջերս, Թուվալուի Ազգային Լեզուի Վարչութիւնը արտօնութիւն խնդրեց իրենց մայրենի լեզուի առաջին բառարանը կազմելու մէջ զայն գործածելու համար։
1 Յունուար 1989–էն ի վեր, Դիտարան պարբերաթերթը Թուվալույերէնով որպէս ամսաթերթ լոյս կը տեսնէ։ Եթէ այս պարբերաթերթը երկրորդական լեզուով մը կ’ընթերցէք, անոր 2–րդ էջին նայեցէք, տեսնելու համար թէ Դիտարան–ը ձեր մայրենի լեզուով ալ կը հրատարակուի՞։ Զայն ձեր մայրենի լեզուով կարդալը, վստահաբար յաւելեալ ուրախութիւն պիտի պատճառէ ձեզի։