Անոնք շրջապատի ճնշումին ի՛նչպէս դէմ կը դնեն
ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ կողմէ ընդունելի ըլլալու փափաքը պատճառ կ’ըլլայ որ շատեր իրենց շուրջիններուն մտածելակերպին եւ արարքներուն համակերպին։ Յատկապէս պատանիներ զօրութեան կարիքը ունին մերժելու համար վնասակար սովորութիւններ, ինչպէս՝ թմրեցուցիչի սխալ գործածութիւնը եւ սեռային անբարոյութիւնը։ Անոնք ի՞նչպէս կրնան շրջապատի ճնշումին դէմ դնել։
Լեհաստանէն երկու պատանուհիներ վերջերս գրեցին. «Աշխարհի հոգին բացայայտ է մեր տարեկիցներէն շատերուն մէջ։ Անոնք քննութիւններուն մէջ խարդախութիւն կ’ընեն, աղտոտ լեզու կը գործածեն, կը սիրեն հագուստի վերջին նորաձեւութիւնները եւ անզուսպ ու անբարոյ երաժշտութիւնը։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ մեզի՝ պատանիներուս՝ ուղղուած յօդուածներ ունինք, որոնք մեզ կը պաշտպանեն դժգոհ եւ ըմբոստ պատանիներու ազդեցութենէն։
«Բառեր չենք գտներ մեր երախտագիտութիւնը արտայայտելու Դիտարան–ի յօդուածներուն համար, որոնք շեշտեցին թէ որպէս պատանիներ մենք պիտանի եւ գնահատուած ենք։ Մեր ստացած Աստուածաշունչի խրատները օգնած են որ մեր քայլերը պատշաճ կերպով ուղղենք, որպէսզի շարունակենք Եհովա Աստուած հաճեցնել։ Համոզուած ենք որ հաւատարմօրէն Եհովայի ծառայելը լաւագոյն ապրելակերպն է»։
Այո, պատանիները կրնան շրջապատի ճնշումին դէմ դնել։ Իրենց «ըմբռնելու կարողութիւնը» մարզելով, Քրիստոնեայ պատանիներ կը սորվին իմաստուն որոշումներ տալ, որոնք «այս աշխարհի հոգին» չեն ցոլացներ, այլ՝ «այն Հոգին որ Աստուծմէն է»։—Եբրայեցիս 5։14, ՆԱ. Ա. Կորնթացիս 2։12