Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ02 1/1 էջ 32
  • Հէնրի Ը. եւ Աստուածաշունչը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հէնրի Ը. եւ Աստուածաշունչը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
դ02 1/1 էջ 32

Հէնրի Ը. եւ Աստուածաշունչը

ՈՒԻՆՍԹԸՆ Չըրչիլ, Անգլիախօս Ժողովուրդներուն Պատմութիւնը (Հատոր Բ.) խորագրով իր գրքին մէջ (Անգլերէն), գրեց. «Կրօնական մարզին մէջ, Բարեկարգութիւնը մեծ փոփոխութիւն բերաւ։ Աստուածաշունչը նոր եւ աւելի մեծ հեղինակութիւն մը ստացաւ։ Նախկին սերունդը կը խորհէր թէ Սուրբ Գրութիւնները անուս մարդոց ձեռքին մէջ վտանգաւոր էին եւ թէ միայն վարդապետները պէտք էր զանոնք կարդային»։

Արձանագրութիւնը կը շարունակէ. «Թինտէյլի եւ Քավըրտէյլի կողմէ Անգլերէնի թարգմանուած՝ տպուած լման Աստուածաշունչերը, առաջին անգամ ըլլալով լոյս տեսան 1535–ի աշնան վերջաւորութեան, իսկ այժմ քանի մը հրատարակութիւններ լոյս կը տեսնէին։ Կառավարութիւնը կղերներուն պատուիրեց որ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը քաջալերեն»։ Աստուածաշունչին մասին դարեր տգիտութեան մէջ մնալէ ետք, Անգլիան Աստուածաշունչին մասին գիտութիւն պիտի ստանար, սակայն Հէնրի Ը.–ի կառավարութեան շնորհիւ եւ ո՛չ թէ՝ եկեղեցիին։a

«Նախկին սերունդին յաւելեալ հարուած մը տալու համար, Կառավարութիւնը Փարիզի մէջ մեծ քանակով Անգլերէն Աստուածաշունչեր տպելու սկսաւ, նախկին հրատարակութիւններէն աւելի մեծածախս, իսկ 1538–ի Սեպտեմբերին, հրաման հանեց որ երկրի բոլոր ծուխերը Անգլերէն Աստուածաշունչի մեծագոյն հատորէն գնեն, իւրաքանչիւր եկեղեցիի մէջ դրուելու համար, ուր եկեղեցասէրները պիտի կարենային զայն դիւրաւ կարդալ։ Վեց Աստուածաշունչեր զետեղուեցան Լոնտոն Քաղաքի Սբ. Պօղոս մայր եկեղեցիին մէջ, եւ բազմութիւններ ամէն օր հոն կ’երթային զանոնք կարդալու համար, մանաւանդ, ինչպէս ըսուած է, երբ լսելի ձայն ունեցող անհատ մը գտնուէր, որ կրնար բարձրաձայն կարդալ»։

Դժբախտաբար, կարգ մը երկիրներու մէջ, շատեր Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդալու իրենց ունեցած առանձնաշնորհումէն չեն օգտուիր։ Ասիկա մեծապէս մտահոգիչ է, քանի որ միայն Աստուածաշունչը «Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար»։—Բ. Տիմոթէոս 3։16

[Ստորանիշ]

a Հէնրի Ը. Թագաւորը Անգլիոյ վրայ իշխեց 1509–էն մինչեւ 1547։

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 32]

Henry VIII։ Painting in the Royal Gallery at Kensington, from the book The History of Protestantism (Vol. I)

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել