Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ04 5/1 էջ 32
  • Աստուծոյ Խօսքով կը զօրանա՞ք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ Խօսքով կը զօրանա՞ք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
դ04 5/1 էջ 32

Աստուծոյ Խօսքով կը զօրանա՞ք

ԵՐԲ դժուարութիւններ դիմագրաւէք, ի՞նչ կ’ընէք։ Յիսուսի պարագային, յարմար համար մը յիշելը օգնեց իրեն Սատանայի մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու։ (Մատթէոս 4։1-11) Դաւիթ թագաւոր ալ երբ անձնական փորձութիւններ դիմագրաւեց, Աստուծոյ Խօսքով զօրացաւ։ Ան ըսաւ. «Իմ ներսիդիս հոգերուս շատցած ատենը՝ քու մխիթարութիւններդ իմ անձս կ’ուրախացնէին»։—Սաղմոս 94։19

Նոյն կերպով, երբ դժուարութիւններ դիմագրաւենք, մեր նախասիրած մէկ համարը մտաբերելը կրնայ մեզ մխիթարել կամ զօրացնել։ Օրինակ, 89 ամեայ Ռեքսը, 1931–էն ի վեր լիաժամ աւետարանիչ ըլլալով հանդերձ, կ’ըսէ. «Ծառայութեան մէջ մասնաւոր նշանակումի պարագային յաճախ ինքզինքս անատակ կը զգայի»։ Ի՞նչ ըրաւ։ «Իմ նախասիրած համարս կը մտաբերէի՝ Առակաց 3։5–ը, որ կ’ըսէ. ‘Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր’։ Այս համարը մտաբերելը եւ կիրարկելը օգնեց ինծի որ նշանակումներս յաջողութեամբ կատարեմ»։

Նոյնիսկ պատանիները կ’օգտուին նախասիրած համար մը ունենալէն։ Վեց տարեկան Ժագը կ’ըսէ որ իր նախասիրած համարը՝ Մատթէոս 24։14–ն է։ Այս համարը կը մղէ զինք որ իր ծնողքին հետ քարոզելու երթայ։ Ան կ’ըսէ. «Կը սիրեմ ամէն Շաբաթ քարոզելու երթալ՝ մօրս, հօրս ու քրոջս հետ»։

Յիսուսի նման, երբեմն ձեր հաւատքին վրայ ուղղակի յարձակում կը կրէ՞ք։ Այդ պարագային Փիլիպպեցիս 4։13–ը կրնայ ձեր նախասիրած մէկ համարը ըլլալ։ Դաւիթ թագաւորին նման, ‘հոգերէ’ կը տառապի՞ք։ Ուրեմն, Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ն մտաբերելը կրնայ օգնել ձեզի։ Իսկ եթէ ատեն–ատեն հարց կու տաք թէ արդեօք Աստուծոյ մատուցած ձեր ծառայութիւնը ապարդի՞ւն է, Ա. Կորնթացիս 15։58–ն յիշելը ոյժ պիտի տայ ձեզի։

Յարմար համարներ գոց սորվելով, թոյլ կու տանք որ Աստուծոյ Խօսքը ազդէ մեր կեանքին։ (Եբրայեցիս 4։12) Այսպիսի նախասիրուած համարներ կրնան մեզ թէ՛ զօրացնել եւ թէ մխիթարել։—Հռովմայեցիս 15։4

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել