Վհատութեան հետ ի՛նչպէս գլուխ ելլել
ՎՀԱ՞Տ ես։ Անորոշութեան ու պայքարի այս դարուն մէջ շատեր վհատ են։ Ոմանք կը վհատին, քանի որ անգործ են կամ արկածի մը հետեւանքները կը կրեն, իսկ ուրիշներ՝ քանի որ ընտանեկան խնդիրներու, լուրջ հիւանդութեան մը կամ առանձնութեան զգացումներու հետ կը մաքառին։
Եթէ վհատ ես, օգնութեան համար որո՞ւ կրնաս դիմել։ Համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը կարդալով մխիթարութիւն գտած են։ Պօղոս առաքեալի խօսքերը զանոնք կը հաւաստիացնէ. «Օրհնեալ ըլլայ Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին հայրը՝ գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը, որ մեզ կը մխիթարէ մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ»։ (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4) Ինչո՞ւ չկարդաս այս եւ այլ համարներ Աստուածաշունչիդ մէջ։ Ասիկա ընելը ‘սիրտդ պիտի մխիթարէ ու քեզ հաստատէ’։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։16
Եհովայի ծառայողներուն հետ ընկերակցիլն ալ կ’օգնէ վհատութեան հետ գլուխ ելլելու։ Առակաց 12։25–ը կ’ըսէ. «Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ, բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա»։ Քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուելով կը լսենք այդ «աղէկ խօսքը», որ «հոգիին՝ քաղցր ու ոսկորներուն բժշկութիւն» է։ (Առակաց 16։24) Ինչո՞ւ Եհովայի Վկաներու Թագաւորութեան Սրահին մէջ ժողովի մը ներկայ չգտնուիս, անձամբ տեսնելու թէ այսպիսի ժողով մը ի՛նչպէս կրնայ զօրացնել քեզ։
Կրնաս օգտուիլ նաեւ աղօթքի զօրութենէն։ Երբ կեանքի մտահոգութիւններով ջախջախուած զգաս, սիրտդ պարպէ «աղօթքի լսող»ին։ (Սաղմոս 65։2) Մեր Ստեղծիչը՝ Եհովա Աստուած մեզ աւելի լաւ կը ճանչնայ, քան՝ մենք մեզ։ Կրնանք իր մատուցած օգնութեան վստահիլ։ Իր Խօսքը մեզի կը խոստանայ. «Քու հոգդ ձգէ՛ Տէրոջ վրայ, եւ ան քեզի նեցուկ պիտի ըլլայ. ան երբե՛ք պիտի չթոյլատրէ որ արդարը սասանի»։ (Սաղմոս 55։22, ԱՎ) Այո, «Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի»։—Եսայեայ 40։31
Եհովա Աստուած մեզի համար ազդեցիկ հայթայթումներ ըրած է, որոնք կրնան մեզի օգնել վհատութեան հետ գլուխ ելլելու։ Զանոնք պիտի գործածե՞ս։