«Արթո՛ւն կեցէք»
ՎԱՂԵՄԻ ժամանակներուն, դռնապանները կը ծառայէին քաղաքներու, տաճարներու եւ երբեմն անձնական տուներու մուտքին։ Վստահ ըլլալէ զատ որ գիշերը դռները փակ են, դռնապանները նաեւ կը ծառայէին իբրեւ դէտ։ Ասիկա շատ պատասխանատու նշանակում մըն էր, քանի որ քաղաքին ապահովութիւնը կախեալ էր անոնց տուած ազդարարութենէն՝ որեւէ վաղահաս վտանգի նկատմամբ։
Յիսուս Քրիստոս դռնապաններուն գործին քաջածանօթ էր։ Առիթով մը, ան իր աշակերտները դռնապաններու նմանցուց եւ զանոնք քաջալերեց որ շարունակեն հրէական իրերու դրութեան վախճանին նկատմամբ արթուն մնալ։ Ան ըսաւ. «Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք . . . վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է։ Ինչպէս օտար երկիր գացող մարդ մը իր տունը կը թողու ու . . . դռնապանին կ’ապսպրէ որ արթուն կենայ։ Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ ե՞րբ պիտի գայ տանտէրը»։—Մարկոս 13։33-35
Նոյնպէս, աւելի քան 125 տարի է որ Դիտարան պարբերաթերթը շարունակած է ‘արթուն կենալու’ Յիսուսի քաջալերութիւնը փոխանցել։ Ի՞նչ կերպով։ Ինչպէս այս պարբերաթերթին 2–րդ էջը կ’ըսէ, անիկա «Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կատարող համաշխարհային իրադարձութիւններուն հետ քայլ կը պահէ։ Անիկա բոլորը կը մխիթարէ այն բարի լուրով, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով անօրէն մարդիկը պիտի բնաջնջէ եւ երկրագունդը դրախտի պիտի վերածէ»։ Դիտարան–ը աշխարհի մէջ ամենաշատ բաշխում ունեցող կրօնական պարբերաթերթն է,– իւրաքանչիւր թիւ աւելի քան 26,000,000 օրինակ՝ 150 լեզուներով։ Անոր միջոցով Եհովայի Վկաները, վաղեմի դռնապաններուն նման, ամէնուրեք մարդիկը կը յորդորեն որ հոգեւորապէս ‘արթուն կենան’, քանի որ Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս վերադառնալու վրայ է, եւ իրերու այս դրութեան վրայ դատաստան պիտի գործադրէ։—Մարկոս 13։26, 37