Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ06 1/1 էջ 32
  • Նախ՝ հալածեց, ապա ողջունեց

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Նախ՝ հալածեց, ապա ողջունեց
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
դ06 1/1 էջ 32

Նախ՝ հալածեց, ապա ողջունեց

ՔԱՆԻ մը տարի առաջ, Սանդիակօ եւ իր կինը Լուրտըս փոխադրուեցան Ուիլքափաթա տեսարժան գիւղաքաղաքը, Փերու, որպէսզի բնակիչներուն ներկայացնեն Աստուածաշունչի բովանդակած յոյսի պատգամը։ Սակայն շատ չանցած, Քուսքոյէ քահանայ մը եկաւ, տեղացիները համախմբեց ու ազդարարեց թէ Եհովայի Վկաներուն ներկայութիւնը մահաբեր պատուհաս մը պիտի բերէր եւ ձիւնամրրիկ պիտի պատճառէր, իրենց արջառները բնաջնջելով ու իրենց բերքը փճացնելով։

Շատեր այս «մարգարէութիւնը» լուրջի առին, եւ աւելի քան վեց ամիս՝ ո՛չ մէկ տեղացի ընդունեց Աստուածաշունչը ուսումնասիրել Սանդիակոյի ու Լուրտըսի հետ։ Միկէլ անունով տեղակալը զանոնք կը հալածէր ու անոնց վրայ քարեր կը նետէր։ Բայց Վկայ զոյգը միշտ խաղաղ ու քրիստոնէավայել կերպով կը վարուէր։

Ժամանակի ընթացքին, տեղացիներէն ոմանք սկսան Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, նոյնիսկ Միկէլ իր կեցուածքը փոխեց։ Ան ընդունեց Աստուածաշունչը սերտել, ալքոլի չափազանց գործածութիւնը դադրեցուց եւ խաղաղասէր անհատ մը դարձաւ։ Ի վերջոյ, Միկէլ, իր կինը եւ իր դուստրերէն երկուքը Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ընդունեցին։

Այսօր, այս գիւղաքաղաքին մէջ Եհովայի Վկաներու ուռճացող ժողովք մը կայ։ Միկէլ ուրախ է որ իր նետած քարերը վնաս չհասցուցին Սանդիակոյի ու Լուրտըսի, եւ այս զոյգին երախտապարտ է՝ անոնց խաղաղասիրութեան ընտիր օրինակին համար։

[Նկարներ՝ էջ 32]

Սանդիակոյի ու Լուրտըսի (վերեւ) խաղաղասէր տրամադրութիւնը, պատճառ եղաւ որ Միկէլ (աջին) իր կեցուածքը փոխէ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել