Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ07 1/1 էջ 3-4
  • Յաջողութիւնը ի՞նչպէս կը չափես

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յաջողութիւնը ի՞նչպէս կը չափես
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կեանքի մէջ իսկական յաջողութիւն գտիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Յաջող անձ մը ի՛նչպէս կրնաս ըլլալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Աստուծոյ հոգիին ապաւինեցէք՝ երբ կեանքի պարագաները փոխուին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Յաջողութիւնը ի՞նչով կը չափէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
դ07 1/1 էջ 3-4

Յաջողութիւնը ի՞նչպէս կը չափես

ՈՄԱՆՑ կողմէ նկատուած Ուոլ Սթրիթի սակարանի ցարդ ամենէն յաջող վաճառականը՝ Ճեսսէ Լիվըրմոր, հռչակաւոր էր իր կայացուցած առեւտրական խոհեմ որոշումներով։ Ան մեծ հարստութիւն դիզեց։ Ան լաւագոյն ձեռակար զգեստները կը հագնէր, 29 սենեակնոց ապարանքի մէջ կը բնակէր եւ իր շարժավարը սեւ Ռոլզ–Ռոյս կը քշէր։

Տէյվիտa համանման ուղի մը բռնած էր։ Գծանկարչութեան մեծ հաստատութեան մը փոխ նախագահը եւ ընդհանուր տնօրէնը ըլլալով, ան հաստատութեան մէկ մասնաճիւղին նախագահը ըլլալու վրայ էր։ Հարստութիւնը եւ համբաւը զինք կը հրապուրէին։ Սակայն Տէյվիտ անձնական որոշում մը կայացնելով՝ իր հրաժարականը տուաւ։ «Գիտեմ որ անգամ մը եւս բարձրաստիճան դիրքի մը երբեք պիտի չտիրանամ», ըսաւ ան։ Կը խորհի՞ս թէ Տէյվիտ սխալ քայլ մը առաւ։

Շատեր կը հաւատան թէ յաջողութիւնը կը պարփակէ հարստութիւն, ժողովրդականութիւն կամ երեւելիութիւն ձեռք ձգել։ Սակայն նիւթական բարգաւաճութիւն վայելողները տակաւին կրնան ներքին պարապութիւն զգալ եւ կեանքի մէջ իմաստ եւ նպատակ չունենալ։ Բացայայտ է որ Պրն. Լիվըրմորի պարագան այս էր։ Հակառակ իր վայելած հարստութեան, ան սրտաբեկութեամբ, ողբերգութեամբ ու տրտմութեամբ յատկանշուած կեանք մը վարեց։ Ան ընկճուածութենէ տառապեցաւ եւ ձախող ամուսնութիւններ ունեցաւ, իսկ իր զաւակներուն հետ յարաբերութիւնը պաղ էր։ Ի վերջոյ, իր հարստութեան մեծ մասը կորսնցնելէ ետք, օր մը Պրն. Լիվըրմոր փարթամ պանդոկի մը ըմպելարանը գնաց ու իր կացութեան վրայ ողբաց։ Ան խմիչք ապսպրեց, իր կաշեայ նոթատետրը հանեց եւ հրաժեշտի երկտող մը գրեց իր կնոջ։ Բաժակը խմելէ ետք, ան մութ հանդերձարան մը մտաւ եւ ողբերգական կերպով իր կեանքին վերջ դրաւ։

Ճիշդ է որ անձնասպանութեան պատճառները բարդ են, բայց այս փորձառութիւնը Աստուածաշունչի սա խօսքին ճշմարիտ ըլլալը կը հաստատէ. ‘Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, ինքզինքնին շատ ցաւերով կը խոցեն’։—Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10

Կրնա՞յ ըլլալ որ անոնք որ յաջողութիւնը կը չափեն հարստութեամբ, դիրքով կամ համբաւաւորութեամբ, թերի չափանիշ մը կը գործածեն։ Դուն քեզ յաջող կը նկատե՞ս։ Ինչո՞ւ։ Այս արժեւորումը ի՞նչ չափանիշի հիման վրայ կ’ընես։ Ի՞նչ բան յաջողութեան հանդէպ տեսակէտդ կը կաղապարէ։ Յաջորդ յօդուածը վստահելի խրատներ կը ներկայացնէ, որոնք միլիոնաւորներու օգնած են յաջողութիւն գտնելու։ Տեսնենք թէ ի՛նչպէս դուն ալ կրնաս յաջող ըլլալ։

[Ստորանիշ]

a Անունը փոխուած է։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել