Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ07 10/1 էջ 32
  • «Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
դ07 10/1 էջ 32

«Ի՞նչ է ճշմարտութիւնը»

ՀՌՈՎՄԷԱՑԻ կառավարիչ՝ Պոնտացի Պիղատոս այս հարցումը հեգնօրէն ուղղեց Յիսուսի։ Ան պատասխան մը ստանալով հետաքրքրուած չէր, եւ Յիսուս իրեն չպատասխանեց։ Թերեւս Պիղատոս ճշմարտութիւնը կը նկատէր բան մը որ անկարելի էր ըմբռնել։—Յովհաննէս 18։38

Ներկայիս շատեր ճշմարտութեան հանդէպ այս արհամարհական տեսակէտը կը բաժնեն, ի ներառեալ՝ կրօնական առաջնորդներ, դաստիարակներ եւ քաղաքագէտներ։ Անոնք այն կարծիքը ունին թէ ճշմարտութիւնը,– յատկապէս բարոյական ու հոգեւոր ճշմարտութիւնը,– բացարձակ չէ, հապա յարաբերական եւ յարափոփոխ է։ Անշուշտ ասիկա կը նշանակէ թէ մարդիկ կրնան իրենք իրենց որոշել թէ ի՛նչ բան շիտակ է եւ ի՛նչ բան՝ սխալ։ (Եսայի 5։20, 21) Անիկա նաեւ մարդոց կը թոյլատրէ որ անցեալ սերունդներուն որդեգրած արժանիքներն ու բարոյական չափանիշները ժամանակավրէպ նկատելով մերժեն։

Այն խօսքը որ մղեց Պիղատոսը վերոնշեալ հարցումը ուղղելու, նկատողութեան արժանի է։ Յիսուս ըսած էր. «Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ»։ (Յովհաննէս 18։37) Յիսուսի համար ճշմարտութիւնը անորոշ եւ անըմբռնելի գաղափար մը չէր։ Ան իր աշակերտներուն խոստացաւ. «Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։—Յովհաննէս 8։32

Այս ճշմարտութիւնը ո՞ւր կրնայ գտնուիլ։ Առիթով մը, Յիսուս աղօթելու ընթացքին Աստուծոյ ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է»։ (Յովհաննէս 17։17) Աստուածային ներշնչումով գրուած Աստուածաշունչը կը յայտնէ այն ճշմարտութիւնը, որ կու տայ վստահելի առաջնորդութիւն եւ ապագայի նկատմամբ ստոյգ յոյս,– յաւիտենական կեանք։—Բ. Տիմոթէոս 3։15-17

Պիղատոս այս ճշմարտութիւնը գիտնալու պատեհութիւնը անտարբերութեամբ մերժեց։ Դո՛ւն ի՞նչ պիտի ընես։ Ինչո՞ւ Եհովայի Վկաներէն չխնդրես որ քեզի բացատրեն թէ Յիսուսի ուսուցանած «ճշմարտութիւնը» ի՛նչ կը պարփակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել