Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ08 1/1 էջ 32
  • «Ձեր շատ թանկագին նուէրը»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Ձեր շատ թանկագին նուէրը»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
դ08 1/1 էջ 32

«Ձեր շատ թանկագին նուէրը»

ՊԵԼՃԻՔԱՅԻ նախկին վարչապետ մը այդպէս նկարագրեց Ցարդ ապրած մեծագոյն Մարդը գիրքը։a Դրացի մը իրեն բարեկամական այցելութիւն մը տուաւ ու գիրքը ներկայացուց։ Հետագային, ան գնահատական նամակ մը գրեց. «Ձեր բարեկամական այցելութիւնը զիս իսկապէս տպաւորեց, բայց յատկապէս՝ ձեր շատ թանկագին նուէրը. ‘Մեծագոյն մարդուն’ նուիրուած գիրքը»։

Նախկին վարչապետը գիրքը վերլուծած եւ սա եզրակացութեան յանգած էր. «Եթէ մարդիկ Աւետարանին պատգամով աւելի հետաքրքրուին եւ Յիսուս Քրիստոսի սկզբունքները գործադրեն, ներկայ աշխարհը բոլորովին տարբեր պիտի ըլլայ։ Ապահովութեան Խորհուրդի կարիք պիտի չունենանք. ահաբեկչական յարձակումներ պիտի չըլլան, իսկ բռնութիւնը համայն աշխարհի մէջ պիտի արգիլուի»։ Թէեւ ան ասիկա բաղձալից մտածմունք սեպեց, բայց իր դրացիին դրական քայլը խորապէս յարգեց։

Նամակը շարունակեց. «Դուք կը պատկանիք բարեացակամ մարդոցմէ բաղկացած գովելի խումբի մը, որոնք ո՛չ լաւատես են, ո՛չ ալ յոռետես, այլ՝ կը հաւատան թէ քայլեր պէտք է առնուին, մարդոց եւ իրերու վիճակը բարւոքելու համար»։

Եհովայի Վկաները կը հաւատան թէ աստուածային միջամտութիւնը եւ ո՛չ թէ մարդկային ջանքը, ի վերջոյ աւելի լաւ աշխարհ մը յառաջ պիտի բերէ։ Անոնք կը ջանան մեծագոյն մարդը՝ Յիսուս Քրիստոսը ընդօրինակել։ Եհովայի Վկաները վերջերս քեզի այցելա՞ծ են։ Հաւանաբար հաճելի պիտի գտնես անոնց հետ զրուցելը ցարդ ապրած մեծագոյն մարդուն մասին։ Եւ անոնք ուրախութեամբ քեզի պիտի ներկայացնեն այն գիրքը որ մեծապէս տպաւորեց նախկին վարչապետը։

[Ստորանիշ]

a Հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել