Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ10 6/1 էջ 3
  • Ո՞ւր է Աստուած

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ո՞ւր է Աստուած
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուած մեզ կը պատժէ՞
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Աշխարհը դէպի ո՞ւր կ’ընթանայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Ի՞նչ են «վերջին օրերը»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
դ10 6/1 էջ 3

Ո՞ւր է Աստուած

11 սեպտեմբեր 2001–ին, առաւօտեան ժամը 8։46–ին, Նիւ Եորք Սիթիի մէջ, առեւտրական օդանաւ մը կը հարուածէ Առեւտուրի համաշխարհային կեդրոնին հիւսիսային աշտարակը, նշելով մի քանի թիրախի վրայ ահաբեկչական յարձակումի մը սկիզբը։ Յաջորդ 102 վայրկեաններուն ընթացքին, մօտաւորապէս 3000 հոգի իրենց կեանքը կորսնցուցին։

26 դեկտեմբեր 2004

Հնդկական ովկիանոսին մէջ, 9,0 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը մահացու ալիքներ կ’արձակէ, որոնք կը հարուածեն 11 երկիր, ի ներառեալ՝ Ափրիկէ, որ շուրջ 5000 քիլոմեթր հեռու կը գտնուի։ Մէկ օրուան մէջ, 150,000 անհատ կը մահանան կամ կը կորսուին, եւ աւելի քան մէկ միլիոն մարդ տնազուրկ կը դառնան։

1 օգոստոս 2009–ին, 42 տարեկան մարդ մը իր 5 ամեայ տղուն հետ ջրադահուկ քշելու ատեն, փայտէ նաւակայքին կը զարնուին։ Հայրը անմիջապէս կը մահանայ, իսկ տղեկը՝ յաջորդ օրը։ «Կը յուսայինք որ մանչը հրաշքով մը վերապրէր», ըսաւ վշտացած ազգական մը։

Երբ ահաբեկչական յարձակումներու կամ բնական աղէտներու մասին կը կարդաս, կամ երբ անձամբ ողբերգութեան մը կը հանդիպիս, հարց կու տա՞ս թէ արդեօք Աստուած այս բաները կը տեսնէ՛, թէ արդեօք մեզ լքա՛ծ է։ Աստուածաշունչը մխիթարական պատասխան մը կու տայ, ինչպէս պիտի տեսնենք։

[Նկարին աղբիւրները՝ էջ 3]

© Dieter Telemans/Panos Pictures

PRAKASH SINGH/AFP/Getty Images

© Dieter Telemans/Panos Pictures

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել