Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ11 3/1 էջ 3
  • Քայքայումի պատճառը ի՞նչ է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Քայքայումի պատճառը ի՞նչ է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովայի վկաները ամուսնալուծումը ինչպէ՞ս կը նկատեն
    Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
  • Պատուէ «զայն որ Աստուած միաւորեց»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • «Զայն որ Աստուած միաւորեց. . . »
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2018)
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
դ11 3/1 էջ 3

Քայքայումի պատճառը ի՞նչ է

«Փարիսեցիները [Յիսուսին] մօտենալով՝ զանիկա փորձեցին ու հարցուցին. ‘Արժա՞ն է, որ մարդ մը իր կինը արձակէ ամէն պատճառի համար’» (Մատթէոս 19։3)։

ՅԻՍՈՒՍԻ օրերուն ապրող մարդոցմէ ոմանք հարց տուին, թէ արդեօք ամուսնութիւնները կրնա՛ն կամ պէ՛տք է մնայուն ըլլան։ Յիսուս անոնց ըսաւ. «Չէ՞ք կարդացեր թէ ան որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք, ու աւելցուց. ‘Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան’։ Ուստի ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին. ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ» (Մատթէոս 19։4-6)։a Բացայայտ է որ Աստուած մտադրած էր որ ամուսնութիւնները մնայուն ըլլան։

Ներկայիս, շատ մը երկիրներու մէջ, բոլոր ամուսնացողներուն գրեթէ 40 տոկոսը՝ կամ աւելին՝ իրարմէ ‘կը զատուին’ ու կ’ամուսնալուծուին։ Արդեօք ամուսնութեան վերաբերեալ Աստուածաշունչի խրատները ժամանակավրէ՞պ են։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ամուսնութիւնները կը ձախողին, քանի որ կարգադրութիւնը ինքնին թերի է։

Նկատի առ սա լուսաբանութիւնը. երկու զոյգեր միեւնոյն արտադրութեան ինքնաշարժներ կը գնեն։ Մէկ զոյգը իրենց մեքենան լաւ վիճակի մէջ կը պահեն եւ ուշադրութեամբ կը քշեն։ Իրենց ինքնաշարժը չ’աւրուիր։ Իսկ միւս զոյգը ո՛չ մէկ ժամանակ կամ կորով կը տրամադրեն՝ իրենց ինքնաշարժը լաւ վիճակի մէջ պահելու, եւ անհոգ կերպով կը քշեն։ Ինքնաշարժը անգործածելի կը դառնայ եւ մէկ կողմ կը դրուի։ Երկրորդ արդիւնքին համար թերութիւնը ո՞ւր կը կայանայ,– ինքնաշարժի՞ն մէջ, թէ ոչ տէրերուն քով։ Ակնյայտ է որ պատասխանատուութեան մեծ մասը տէրերը կը շալկեն։

Նմանապէս, այն իրողութիւնը թէ շատ մը ամուսնութիւններ կը ձախողին, չի նշանակեր որ ամուսնութեան հաստատութիւնը ձեւով մը թերի է։ Միլիոնաւոր յաջող ամուսնութիւնները հակառակը կը փաստեն։ Այդ ամուսնութիւնները երջանկութիւն եւ կայունութիւն կը բերեն անհատներու, ընտանիքներու եւ համայնքներու։ Բայց ամուսնութիւնը՝ ինքնաշարժին նման՝ լաւ հոգատարութեան եւ կանոնաւոր պահպանութեան կարիք ունի, որպէսզի դիմանայ։

Ըլլա՛ս ամուսնացած օրերէ ի վեր կամ տասնեակ տարիներէ ի վեր, ամուսնութիւնը պահպանելու եւ զօրացնելու կերպին շուրջ Աստուածաշունչի տուած խրատները ի՛րապէս գործնական են։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ յաջորդ էջերուն մէջ։

[Ստորանիշ]

a Աստուածաշունչը ամուսնալուծումը կ’արտօնէ սեռային անբարոյութեան հիման վրայ (Մատթէոս 19։9)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել