Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ12 7/1 էջ 7
  • Ներդաշնակ գրադարան մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ներդաշնակ գրադարան մը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչի ընդհանուր ներդաշնակութիւնը
    Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց
  • Աստուածաշունչի հոյակապ բնաբանը
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
  • Օձին սերունդը—Ինչպէ՞ս քօղազերծուած
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
դ12 7/1 էջ 7

Ներդաշնակ գրադարան մը

«Մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան» (Բ. ՊԵՏՐՈՍ 1։21)։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՏԱՐԲԵՐ Է։ Նոյնիսկ վաղեմի ժամանակակից արձանագրութիւններ յաճախ իրարու կը հակասեն։ Տարբեր մարդոց կողմէ տարբեր վայրերու եւ ժամանակներու մէջ գրուած գրքեր, շատ քիչ անգամ իրարու հետ լիովին ներդաշնակ կ’ըլլան։ Բայց Աստուածաշունչը կը դաւանի, թէ բոլոր իր 66 գրքերը մէկ Հեղինակ ունին,– ներկայացնելով մէկ ներդաշնակ պատգամ (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։

ՕՐԻՆԱԿ։ Մ.թ.ա. 16–րդ դարու հովիւ մը՝ Մովսէս, Աստուածաշունչի առաջին գրքին մէջ գրեց, թէ «սերունդ» մը պիտի գար մարդկութիւնը փրկելու համար։ Այս գիրքը ետքը նախագուշակեց, թէ այդ սերունդը Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի մէկ զարմը պիտի ըլլար (Ծննդոց 3։15. 22։17, 18. 26։24. 28։14)։ Շուրջ 500 տարի ետք, Նաթան մարգարէն յայտնեց թէ սերունդը Դաւիթի արքայական շառաւիղէն պիտի ըլլար (Բ. Թագաւորաց 7։12)։ Ատկէ հազար տարի ետք, Պօղոս առաքեալ բացատրեց, թէ սերունդը Յիսուսէն եւ անոր ընտրուած հետեւորդներէն պիտի բաղկանար (Հռովմայեցիս 1։1-4. Գաղատացիս 3։16, 29)։ Վերջապէս, մ.թ. առաջին դարու վերջաւորութեան, Աստուածաշունչի վերջին գիրքը մարգարէացաւ, թէ սերունդին անդամները երկրի վրայ Յիսուսի մասին պիտի վկայէին, պիտի յարուցանուէին եւ երկնքի մէջ անոր հետ 1000 տարի պիտի թագաւորէին։ Այս բաղադրեալ սերունդը պիտի բնաջնջէ Բանսարկուն եւ փրկէ մարդկութիւնը (Յայտնութիւն 12։17. 20։6-10)։

ԻՆՉ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆՆԵՐ Կ’ԸՍԵՆ։ Աստուածաշունչի 66 գրքերը լրիւ զննելէ ետք, Լուի Կօսեն գրեց թէ զմայլած էր «այս գրքին տպաւորիչ միութենէն, որ 1500 տարիներու ընթացքին գրուած էր բազմաթիւ անհատներու կողմէ. . . որոնք մէկ ու նոյն ծրագիրը հետապնդեցին եւ, կարծես թէ զայն հասկնալով, յարատեւաբար զայն զարգացուցին մինչեւ այդ փառաւոր վախճանը,– Աստուծոյ Որդիին ձեռքով աշխարհի փրկութեան պատմութիւնը» (Theopneusty—The Plenary Inspiration of the Holy Scriptures)։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ԽՈՐՀԻՍ։ Պիտի ակնկալէի՞ր որ շուրջ 40 տղամարդոց կողմէ աւելի քան 1500 տարիներու ընթացքին գրուած գիրք մը լիովին ներդաշնակ ըլլար, թէ ոչ՝ Աստուածաշունչը իւրայատուկ է։

[Մէջբերում՝ էջ 7]

«Երբ այս գրութիւնները քով–քովի բերուին, միասնաբար կը կազմեն մէկ գիրք. . . Չկայ անոր համանման կամ նոյնիսկ քովէն անցնող գիրք մը՝ բոլոր գրականութիւններուն մէջ» (ՀԻՆ ԿՏԱԿԱՐԱՆԻ ԽՆԴԻՐԸ [ԱՆԳԼԵՐԷՆ], ՃԷՅՄՍ ՕՐԻ ԿՈՂՄԷ)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել