Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛
Դատաստանի օրը ի՞նչ պիտի պատահի
Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։
1. Դատաստանի օրը ի՞նչ է։
Ինչպէս որ աջ պատկերին մէջ նկարագրուած է, շատեր կ’երեւակայեն թէ Դատաստանի օրը միլիառաւորներ Աստուծոյ գահին առջեւ պիտի բերուին, իրենց նախկին արարքներուն հիման վրայ դատուելու համար. ոմանք՝ երկնային կեանքով պիտի վարձատրուին, իսկ ուրիշներ՝ դժոխքին մէջ պիտի չարչարուին։ Մինչդեռ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ Դատաստանի օրուան նպատակն է՝ մարդիկը անարդարութենէ ազատել (Սաղմոս 96։13)։ Յիսուսին՝ Աստուծոյ նշանակած Դատաւորին՝ միջոցաւ արդարութիւնը պիտի վերահաստատուի (կարդա՛ Եսայի 11։1-5. Գործք 17։31)։
2. Դատաստանի օրը ինչպէ՞ս արդարութիւն պիտի վերահաստատէ։
Առաջին մարդը՝ Ադամ, դիտումնաւոր կերպով Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալով՝ իր ամբողջ զարմը մեղքի, տառապանքի եւ մահուան ենթարկեց (Հռովմայեցիս 5։12)։ Այդ անարդարութիւնը սրբագրելու համար, Յիսուս ետ կեանքի պիտի բերէ կամ յարուցանէ միլիառաւոր մեռելներ։ Յայտնութիւն գիրքը ցոյց կու տայ, թէ ասիկա տեղի պիտի ունենայ Քրիստոս Յիսուսի Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին (կարդա՛ Յայտնութիւն 20։4, 11, 12)։
Յարուցեալները պիտի դատուին ոչ թէ իրենց մահէն առաջ իրենց գործած յանցանքներուն հիման վրայ, այլ՝ այն բաներուն հիման վրայ, որոնք պիտի ընեն, Յայտնութիւն 20–րդ գլուխին մէջ նշուած «գրքեր»ը բացուելէն ետք (Հռովմայեցիս 6։7)։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ, որ ‘թէ՛ արդարները եւ թէ մեղաւորները’ ետ կեանքի պիտի բերուին եւ Աստուծոյ մասին սորվելու պատեհութիւնը պիտի ունենան (կարդա՛ Գործք 24։15)։
3. Դատաստանի օրը ի՞նչ պիտի իրագործէ։
Անոնք՝ որոնք առանց Եհովան ճանչնալու եւ անոր ծառայելու մեռան, պատեհութիւն պիտի ունենան փոխուելու եւ բարի բաներ ընելու։ Եթէ անոնք այսպէս ընեն, իրենց յարութիւնը «կեանքի յարութիւն» պիտի ըլլայ։ Բայց յարուցեալներէն ոմանք պիտի չուզեն Եհովային ճամբաները սորվիլ, ուստի անոնց յարութիւնը «դատապարտութեան յարութիւն» պիտի ըլլայ (կարդա՛ Յովհաննէս 5։28, 29. Եսայի 26։10. 65։20)։
Հազար տարի տեւող Դատաստանի օրուան վերջաւորութեան, մարդիկ ետ կատարեալ եղած պիտի ըլլան,– մարդուն սկզբնական վիճակը (Ա. Կորնթացիս 15։24-28)։ Ասիկա ի՜նչ հոյակապ հեռանկար մըն է հնազանդ մարդոց համար։ Ետքը, Աստուած Բանսարկու Սատանան պիտի արձակէ անդունդէն, ուր հազար տարի բանտարկուած էր։ Վերջին անգամ ըլլալով, Սատանան դարձեա՛լ պիտի փորձէ մարդիկը Եհովայէն հեռացնել, բայց անոնք՝ որոնք զինք պիտի մերժեն, երկրի վրայ կեանքը յաւիտեան պիտի վայելեն (կարդա՛ Եսայի 25։8. Յայտնութիւն 20։7-9)։
4. Մարդկութիւնը դատաստանի ի՞նչ այլ օրէ ե՛ւս պիտի օգտուի։
Աստուածաշունչը նաեւ ‘դատաստանի օր’ արտայայտութիւնը կը գործածէ, ակնարկելու համար այն դէպքին որ ներկայ աշխարհին վերջ պիտի դնէ։ Այս դատաստանի օրը յանկարծակի պիտի գայ Նոյի օրուան Ջրհեղեղին նման, որ ամբողջ չար սերունդ մը անհետացուց։ «Ամբարիշտ մարդոց» մօտալուտ կործանումը դուռ պիտի բանայ երկրի վրայ նոր ընկերութեան մը, որուն մէջ «արդարութիւնը կը բնակի» (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։6, 7, 13)։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 213-215–րդ էջերը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։
[Նկար՝ էջ 16]
«Վերջին դատաստանը» Կուսթավ Տորէի կողմէ, 1832-1883
[Նկարին աղբիւրը]
Engravings by Doré