Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 5/15 էջ 31-32
  • Անոնք «փորձութեան ժամանակ» հաստատ մնացին

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Անոնք «փորձութեան ժամանակ» հաստատ մնացին
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 5/15 էջ 31-32
[Նկար՝ էջ 32]

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

Անոնք «փորձութեան ժամանակ» հաստատ մնացին

Ա. ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏԻ ընթացքին, շատեր գիտակցեցան թէ Աստուածաշունչի Աշակերտները չէզոք կեցուածք ունենալով պատերազմին պիտի չմասնակցէին (Եսա. 2։2-4. Յովհ. 18։36. Եփ. 6։12)։ Լաւ, այդ ատեն Բրիտանիոյ մէջ Աստուծոյ ծառաները ի՞նչ ըրին։

[Նկար՝ էջ 31]

Հէնրի Հատսըն

1916–ին, զինուորական ծառայութեան օրէնքը պահանջեց 18-40 տարեկան ամուրի տղամարդոց զինուորագրութիւնը, բայց բացառեց այն տղամարդիկը, որոնց առարկութիւնը հիմնուած էր «կրօնական կամ բարոյական համոզումներ»ու վրայ։ Կառավարութիւնը դատարաններ հաստատեց, որոշելու համար թէ որո՛նք այս ծառայութենէն զերծ պիտի ըլլային, եւ ո՛ր տարողութեամբ։

Կարճ ժամանակ մը ետք, շուրջ 40 Աստուածաշունչի Աշակերտներ զինուորական բանտերու մէջ բանտարկուեցան, եւ 8 հոգի Ֆրանսայի ճակատը ղրկուեցան։ Այս անարդար արարքը Բրիտանիոյ եղբայրները մղեց, որ բողոքեն վարչապետ Հէրպէրթ Ասքուիթին, ուղարկելով նամակ մը ե՛ւ 500 ստորագրութիւն կրող հանրագիր մը։

Ապա լուրեր հասան, թէ այն ութ եղբայրները՝ որոնք Ֆրանսա ղրկուեցան, պիտի գնդակահարուէին, քանի որ մերժած էին պատերազմին մասնակցիլ։ Բայց երբ գնդակահարող ջոկատին առջեւ շարուեցան, իրենց դատավճիռը փոխուեցաւ տասը տարի բանտարկութեան։ Անոնք Անգլիա բերուեցան եւ քաղաքային բանտերու մէջ բանտարկուեցան։

[Նկար՝ էջ 31]

Ճէյմս Ֆրետերիք Սքոթ

Մինչ պատերազմը շարունակուեցաւ, ամուսնացած տղամարդիկն ալ պարփակուեցան զինուորագրութեան մէջ։ Անգլիոյ Մէնչէստըր քաղաքին մէջ, բժիշկ եւ Աստուածաշունչի Աշակերտ՝ Հէնրի Հատսըն դատուեցաւ։ 3 օգոստոս 1916–ին, դատարանը զինք յանցաւոր գտաւ, տուգանքի ենթարկեց եւ զինուորութեան յանձնեց։ Միեւնոյն ժամանակ, Սկովտիայի Էտինպըրկ քաղաքին մէջ, 25 տարեկան աստուածաշնչական հրատարակութիւններ բաշխող՝ Ճէյմս Ֆրետերիք Սքոթ, դատուեցաւ ու յանցաւոր չգտնուեցաւ։ Պարտուելով հանդերձ, կառավարութիւնը նախընտրեց ուրիշ դատի մը վրայ կեդրոնանալ, որ տեղի կ’ունենար Լոնտոնի մէջ։ Այս անգամ, Հէրպէրթ Քիփս անունով եղբայր մը յանցաւոր գտնուեցաւ, տուգանքի ենթարկուեցաւ եւ զինուորութեան յանձնուեցաւ։

Մինչեւ սեպտեմբեր 1916, ընդամէնը 264 եղբայրներ դիմումնագիր լեցուցին, որ զինուորական ծառայութեան չմասնակցին։ Անոնցմէ 5–ին միայն այդ մէկը շնորհուեցաւ, 154–ին «ազգային կարեւորութիւն ունեցող աշխատանք» նշանակուեցաւ, 23–ին զինուորութեան մէջ ոչ–պատերազմիկ պարտականութիւններ տրուեցան, 82–ը զինուորութեան յանձնուեցան եւ անոնցմէ ոմանք զինուորական ատեանին մէջ դատուեցան, քանի որ հրամաններուն չհնազանդեցան։ Հանրութիւնը այս անգութ վերաբերմունքին դէմ առարկեց, անոր համար կառավարութիւնը զանոնք փոխադրեց զինուորական բանտէն քաղաքային ճամբարներ։

[Նկար՝ էջ 31]

Փրայս Հիյուզ

Էտկար Գլէյ եւ Փրայս Հիյուզ, որ յետագային ծառայեց որպէս Բրիտանիոյ մասնաճիւղի տեսուչ, Կալեսի մէջ ջրամբար մը կառուցանելու մէջ բաժին բերին։ Միւս կողմէ, Հէրպէրթ Սինեըր, Ֆրանսայէն վերադարձող ութէն մէկը, Եորքշայրի Ուէյքֆիլտ բանտը ուղարկուեցաւ։ Ուրիշներ գէշ պայմաններու մէջ ծանր աշխատեցան Տարդմուր բանտին մէջ, ուր կազմեցին խղճմտանքի առարկուներու ամենամեծ խումբը։

Ֆրէնք Բլաթ, Աստուածաշունչի Աշակերտ մը՝ որուն ոչ–պատերազմիկ պարտականութիւններ տրուեցան, երկար եւ վայրագ հալածանք կրեց երբ ճակատ ղրկուեցաւ։ Իսկ Ադքընսըն Փէճըթը, որ ճշմարտութիւնը գիտցաւ զինուորագրուելէ ետք եւ մերժեց պատերազմի մասնակցիլ, զինուորական հեղինակութիւններու կողմէ վայրագ վերաբերմունքի ենթարկուեցաւ։

[Նկար՝ էջ 32]

Հէրպէրթ Սինեըր

Թէեւ այդ օրերուն մեր եղբայրները լիովին չէին ըմբռնած քրիստոնէական չէզոքութեան գաղափարը, բայց ջանացին Եհովա Աստուածը հաճեցնել։ Այս տեղեկագրին մէջ նշուած եղբայրները չէզոքութեան մարզին մէջ լաւ օրինակ հանդիսացան, յատկապէս խիստ «փորձութեան ժամանակ», ինչպէս կը նշէ Յայտնութիւն 3։10–ը (Բրիտանիոյ մեր արխիւէն)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել