Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 1/1 էջ 3
  • Մահուան խայթոցը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մահուան խայթոցը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Վերջին թշնամին» պիտի յաղթուի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
  • Ի՞նչ է ձեր տեսակէտը մահուան նկատմամբ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Մեռելներուն վիճակը ի՞նչ է
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 1/1 էջ 3
Անցորդ մը ինքնաշարժի արկածով կը սպաննուի

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՄԱՀԸ ԱՄԷՆ ԲԱՆԻ ՎԵՐՋ ԿԸ ԴՆԷ՞

Մահուան խայթոցը

Մահուան նիւթը շատեր կ’անհանգստացնէ. անոր համար, մեծամասնութիւնը կը նախընտրէ ատոր մասին չխօսիլ։ Բայց ուշ թէ կանուխ, անիկա մեր դուռը պիտի զարնէ։ Իսկ անոր խայթոցը խիստ եւ ցաւալի է։

Ոչ մէկ բան կրնայ մեզ լիովին պատրաստել ծնողի, կողակիցի կամ զաւակի մը կորուստին։ Ողբերգութիւնը կրնայ յանկարծակի հարուածել կամ երկար ժամանակէ ետք տեղի ունենալ։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, մահուան պատճառած ցաւէն կարելի չէ խուսափիլ եւ ատոր վերջնական ըլլալը ջախջախիչ է։

Անթոնիոն, որուն հայրը ինքնաշարժի արկածով մահացաւ, վիճակը կը բացատրէ. «Կարծես մէկը տունդ կարմիր մոմով կը կնքէ եւ բանալիները կ’առնէ։ Այլեւս մէկ վայրկեան իսկ տուն չես կրնար վերադառնալ։ Քեզի հետ կը մնան միայն յիշատակներդ։ Ասիկա է նոր իրողութիւնը։ Թէեւ կը ջանաս զայն ժխտել,– քանի որ շատ անարդար կը թուի,– բայց ձեռքէդ բան մը չի գար»։

Երբ Տորոթին համանման կորուստ ունենալով՝ 47 տարեկանին որբեւայրի դարձաւ, ջանաց կարգ մը պատասխաններ առնել։ Կիրակնօրեայի ուսուցչուհի ըլլալով, ան կը հաւատար թէ մահը ամէն բանի վերջ չի դներ։ Բայց ան յստակ պատասխաններ չունէր։ Ան իր անկլիքան հովիւին հարցուց. «Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք»։ «Ո՛չ ոք գիտէ։ Պէտք է սպասենք եւ տեսնենք», պատասխանեց ան։

Արդեօք դատապարտուա՞ծ ենք ‘սպասելու եւ տեսնելու’, թէ ոչ կայ կերպ մը, որմով կրնանք վստահ ըլլալ թէ մահը ամէն բանի վերջ կը դնէ կամ ոչ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել