Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 7/1 էջ 3
  • Գէշ բաները կը վխտան

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գէշ բաները կը վխտան
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչո՞ւ բարի մարդոց գէշ բաներ կը պատահին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Մեր չարչարանքին համար Աստուա՞ծ պէտք է մեղադրենք
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Նախաբան
    Զարթի՛ր 2020
  • Գ. հարցում՝ Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ տառապիմ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 7/1 էջ 3

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՈ՞Ւ ԲԱՐԻ ՄԱՐԴՈՑ ԳԷՇ ԲԱՆԵՐ ԿԸ ՊԱՏԱՀԻՆ

Գէշ բաները կը վխտան

Ընտանիքի անդամներ կը սգան

Սմիթանa, Պանկլատէշի Տաքքա մայրաքաղաքին մէջ ապրող 35 տարեկան կին մը, սիրառատ եւ հոգածու ըլլալու համբաւը ունէր։ Մարդիկ զինք կը ճանչնային որպէս ծանր աշխատող եւ երջանիկ երիտասարդ կին մը, որ կ’ուզէր ուրիշներուն օգնել գիտնալու ինչ որ ինք գիտցած էր Աստուծոյ մասին։ Անոր ընտանիքն ու բարեկամները որքա՜ն ցնցուեցան, երբ ան յանկարծ բռնուեցաւ հիւանդութեան մը, որ մէկ շաբաթ չանցած՝ իր կեանքին վերջ դրաւ։

Ճէյմս ու իր կինը, 30–ական տարիքի զոյգ մը, Սմիթայի նոյն համբաւը ունէին։ Գարնանային օր մը, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ծովափը գացին բարեկամներու այցելութիւն տալու։ Անոնք բնաւ Նիւ Եորքի մէջ իրենց տունը չվերադարձան, քանի որ ինքնաշարժի մահացու արկած մը ունեցան, մեծ պարապութիւն ձգելով իրենց սիրելիներուն ու գործակիցներուն կեանքին մէջ։

Արդարեւ, այժմ կը տեսնես որ չարիքն ու տառապանքը կը վխտան։ Պատերազմները կը սպաննեն թէ՛ քաղաքացիներ ու թէ զինուորներ։ Անմեղ մարդիկ ոճիրի ու բռնութեան զոհը կ’երթան։ Մահացու արկածներ եւ անկարող դարձնող հիւանդութիւններ կը պատահին, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անհատին տարիքը կամ դիրքը։ Բնական աղէտները անխտիր կը հարուածեն համայնքները։ Կանխադատութիւնն ու անարդարութիւնը լայնատարած են։ Թերեւս անձամբ այսպիսի բաներու զոհը դարձած ես։

Շատ բնական է այսպիսի հարցումներ ուղղել.

  • Ինչո՞ւ բարի մարդոց գէշ բաներ կը պատահին։

  • Այս բաներուն համար մեղադրելին Աստուա՞ծ է։

  • Աղէտները դիպուածնե՞ր են, թէ ոչ մարդակերտ են։

  • Արդեօք անհատական տառապանքին պատճառը Քարմա՞ն է, անցեալ կեանքի արարքներուն արդիւնքը։

  • Եթէ Ամենակալ Աստուած գոյութիւն ունի, ինչո՞ւ բարի մարդիկը վնասէ չի պաշտպաներ։

  • Կեանքը երբեք չարիքէ ու տառապանքէ զերծ պիտի ըլլա՞յ։

Այս հարցումներուն պատասխանելու համար, հարկ է որ պատասխանը առնենք հետեւեալ երկու հիմնական հարցումներուն. ինչո՞ւ գէշ բաներ կը պատահին, եւ Աստուած ի՞նչ պիտի ընէ։

a Անունները փոխուած են։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել