Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 11/1 էջ 3
  • Սատանան գոյութիւն ունի՞

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Սատանան գոյութիւն ունի՞
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Արթո՛ւն եղիր. Սատանան կ’ուզէ քեզ կլլել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Թշնամիիդ ո՛վ ըլլալը գիտցիր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Հոգեւոր ծիրին մէջ իշխաններ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1995
  • Ո՛վ է Բանսարկուն
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 11/1 էջ 3

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍԱՏԱՆԱՆ ԻՐԱԿԱ՞Ն Է

Սատանան գոյութիւն ունի՞

Նուաստացած հրեշտակին՝ Սատանային արձանը

Սպանիոյ Մատրիտ քաղաքին մէջ արձան մը, որ Սատանան կը պատկերացնէ որպէս փտած, նուաստացած հրեշտակ մը

«Սալվատորի մէջ մեծցած եմ։ Երբ խօսք մտիկ չընէի, մայրս ինծի կ’ըսէր. ‘Սատանան պիտի գայ քեզ առնէ’։ Ես ալ իրեն կը պատասխանէի. ‘Է թող գա՛յ’։ Ես Աստուծոյ կը հաւատայի, բայց ո՛չ Սատանային» (ՌՕԽԵԼԻՕ)։

Կը համաձայնի՞ս դեռատի Ռօխելիոյի հետ։ Այս երեք կարծիքներէն ո՞ր մէկը քեզի տրամաբանական կը թուի։

  • Սատանան իրական չէ. ան պարզապէս չարութեան խորհրդանիշ է։

  • Սատանան գոյութիւն ունի, բայց մարդ արարածը զինք շատ չի հետաքրքրեր։

  • Սատանան հոգեղէն հզօր էակ մըն է, որ մարդկութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի։

Այս կարծիքներէն իւրաքանչիւրին թիկունք կանգնող բազմաթիւ, հաւանաբար միլիոնաւոր անհատներ կան։ Բայց տարբերութիւն կ’ընէ՞ գիտնալը, թէ ո՛ր կարծիքը ճիշդ է։ Եթէ Սատանան գոյութիւն չունի, ուրեմն անոնք որոնք կը կարծեն թէ ան իրական է, խաբուած են։ Եթէ Սատանան կայ, բայց մարդիկ զինք շատ չեն հետաքրքրեր, ուրեմն շատեր պարապ տեղ իրմէ կը զգուշանան կամ կը վախնան։ Բայց եթէ Սատանան մոլորեցուցիչ մըն է, ապա ան շատերու երեւակայածէն աւելի՛ վտանգաւոր է։

Տեսնենք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը պատասխանէ հետեւեալ հարցումներուն. ի՞նչ կամ ո՞վ է Սատանան,– չարութեան խորհրդանի՞շ, թէ հոգեղէն անձ։ Եթէ Սատանան անձ մըն է, քեզի վտանգ կը սպառնա՞յ։ Եթէ այո, ինչպէ՞ս կրնաս պաշտպանուիլ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել