Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 3/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Յիսուսի մահը ինչպէ՞ս պէտք է յիշատակենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Երկինքի մէջ եղողներուն եւ երկրի վրայ եղողներուն համախմբումը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 3/1 էջ 16

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Ինչո՞ւ պէտք է յիշենք Յիսուսին մահը։

Երկրային դրախտի մը մէջ ուրախ մարդիկ կեանքը կը վայելեն

Յիսուսին մահը ինչպիսի՞ ապագայ կարելի կը դարձնէ (Եսայի 25։8. 33։24)

Յիսուսին մահը ամէնէն կարեւոր դէպքն էր պատմութեան մէջ,– ան մեռաւ որպէսզի մարդկային կեանքը վերադառնայ այն վիճակին, որ պէտք է ըլլայ։ Մարդը չարութիւն ընելու հակումով չստեղծուեցաւ. ոչ ալ ստեղծուեցաւ հիւանդանալու կամ մեռնելու (Ծննդոց 1։31)։ Բայց առաջին մարդը՝ Ադամ, մեղքը աշխարհ մտցուց։ Յիսուս իր կեանքը զոհեց, որպէսզի մեզ փրկէ մեղքէն ու մահէն (կարդա՛ Մատթէոս 20։28. Հռովմայեցիս 6։23)։

Ի՜նչ մեծ սէր ցուցուց Աստուած, երբ իր Որդին երկիր ղրկեց մեզի համար մեռնելու (Ա. Յովհաննէս 4։9, 10)։ Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց, որ իր մահը յիշեն պարզ արարողութեամբ մը, որուն մէջ հաց ու գինի կը գործածուին։ Ամէն տարի իր մահը յիշելը կերպ մըն է ցոյց տալու, թէ կը գնահատենք Աստուծոյ եւ Յիսուսի ցուցաբերած սէրը (կարդա՛ Ղուկաս 22։19, 20)։

Որո՞նք հացէն կ’ուտեն եւ գինիէն կը խմեն։

Երբ Յիսուս առաջին անգամ իր աշակերտներուն ըսաւ որ իր մահը յիշեն, որոշ ուխտի մը մասին խօսեցաւ (Մատթէոս 26։26-28)։ Այդ ուխտը անոնց եւ սահմանափակ թիւով ուրիշներու յոյս մը տուաւ, որ է՝ երկինքին մէջ Յիսուսին հետ թագաւորներ եւ քահանաներ ըլլալ։ Թէեւ միլիոնաւորներ կը յիշատակեն Յիսուսին մահը, բայց միայն այդ ուխտին մէջ եղողներն են, որ հացին ու գինիին կը մասնակցին (կարդա՛ Յայտնութիւն 5։10)։

Աստուած գրեթէ 2000 տարիէ ի վեր կ’ընտրէ զանոնք, որոնք թագաւորներ պիտի ըլլան (Ղուկաս 12։32)։ Անոնք թիւով քիչ են՝ բաղդատած անոնց, որոնք յաւիտեան պիտի ապրին երկրի վրայ (կարդա՛ Յայտնութիւն 7։4, 9, 17)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 5–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Նաեւ մատչելի է մեր կայքին մէջ՝ www.pr2711.com/hy-latn

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել