Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 7/1 էջ 15
  • Գիտէի՞ր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտէի՞ր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 7/1 էջ 15

ԳԻՏԷԻ՞Ր

Վաղեմի ժամանակներուն աղօրիքները ինչպէ՞ս կը գործածուէին։

Աղօրիքները կը գործածուէին հատիկները աղալու, որպէսզի հաց շինեն։ Գրեթէ իւրաքանչիւր տունի կիները կամ ծառաները ամէն օր աղօրիքը կը գործածէին։ Վաղեմի ժամանակներուն, աղալու ձայնը առօրեայ կեանքին մէկ մասն էր (Ելից 11։5. Երեմիա 25։10)։

Եգիպտական ձեռագործ իր, որ ցոյց կու տայ՝ աղօրիքով հատիկներ աղացող անձ մը

Վաղեմի Եգիպտոսէն ձեռագործ իրեր կը յայտնեն մեթոտը։ Հատիկը կը դրուէր հորիզոնական եւ թեթեւ մը գոգաւոր քարէ մակերեսի մը վրայ, որ ատեններ կը կոչուէր թամբ–ձեռաղացք։ Աղացողը կը ծռէր անշարժ ձեռաղացքին առջեւ, մինչ երկու ձեռքերով բռնած կ’ըլլար աղալու աւելի պզտիկ քար մը, եւ հորիզոնական մակերեսին վրայ ետեւ–առջեւ կը շարժէր զայն, որպէսզի հատիկները աղար։ Աղբիւր մը կ’ըսէ, թէ այսպիսի քարեր սովորաբար 2–էն 4 քիլոկրամ կը կշռէին։ Եթէ անոնք որպէս զէնք գործածուէին, կրնային մահացու ըլլալ (Դատաւորաց 9։50-54)։

Հատիկ աղալը այնքա՛ն անհրաժեշտ էր ընտանիքի մը բարօրութեան համար, որ աստուածաշնչական օրէնք մը արգիլեց աղօրիքի քարը որպէս գրաւ առնել։ Բ. Օրինաց 24։6–ը կ’ըսէ. «Չըլլայ որ մարդ մը աղօրիքը կամ անոր վերի քարը գրաւ առնէ. քանզի իր ընկերին կեանքը գրաւ առած կ’ըլլայ»։

«Ծոց» բառը ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ։

Վերջին Պասեքին, Յովհաննէս առաքեալ Յիսուսի ծոցն էր

Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Յիսուս «Հօրը ծոցն է» (Յովհաննէս 1։18)։ Ասիկա կը յայտնէ այն մասնայատուկ մտերմութիւնը, որ Յիսուս Աստուծոյ հետ ունի։ Այս բառը կ’ակնարկէ այն սովորութեան, որուն հրեաները կը հետեւէին ճաշելու ատեն։

Յիսուսի օրերուն, հրեաները կը կռթնէին բազմոցներու վրայ, որոնք ճաշասեղանին շուրջ շարուած կ’ըլլային։ Իւրաքանչիւր անձի գլուխը դէպի սեղանը կ’ըլլար, իսկ ոտքերը՝ անկէ հեռու, մինչ իր ձախ արմուկով կը յենէր բարձի մը վրայ։ Այսպիսով անձին աջ ձեռքը ազատ կը մնար։ Որովհետեւ բոլոր ճաշողները իրենց ձախ կողմին վրայ երկնցած կ’ըլլային, մէկը միւսին քով, «մէկուն գլուխը իր ետեւինին կուրծքին մօտ կ’ըլլար», կը բացատրէ աղբիւր մը, «եւ հետեւաբար կ’ըսուէր որ անոր ‘ծոցն է’»։

Ընտանիքի գլուխին կամ կոչունքի մը հիւրընկալին ծոցը ըլլալը յատուկ պատիւ եւ առանձնաշնորհում կը նկատուէր։ Ուստի Յիսուսի տօնած վերջին Պասեքին, իր ծոցը Յովհաննէս առաքեալը կար, «այն աշակերտը որ Յիսուս կը սիրէր»։ Հետեւաբար, Յովհաննէս կրնար «Յիսուսին կուրծքին վրայ իյնալ», իրեն հարցում մը հարցնելու համար (Յովհաննէս 13։​23-25. 21։20)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել