Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ16 թիւ 1 էջ 10
  • Գիտէի՞ր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտէի՞ր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ դատաստանի օրը—Անոր ուրախ հետեւանքը
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
  • Հին մագաղաթ մը «քակուեցաւ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2019
  • Մեռեալ ծովու մագաղաթներուն մասին ճշմարտութիւնը ի՞նչ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • «Ո՞վ արժանի է այդ գիրքը բանալու»
    Յայտնութիւն. անոր հոյակապ յանգումը մօտ է
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
դհ16 թիւ 1 էջ 10

ԳԻՏԷԻ՞Ր

Անցեալին գալարները ինչպէ՞ս կը պատրաստուէին եւ ինչպէ՞ս կը գործածուէին։

Աստուածաշունչի Եսթեր գրքին կաշիէ եւ նուրբ մագաղաթէ գալարներ Ք.Ե. 18–րդ դարէն մնացած

Աստուածաշունչի Եսթեր գրքին կաշիէ եւ նուրբ մագաղաթէ գալարներ Ք.Ե. 18–րդ դարէն մնացած

Ղուկասի Աւետարանը կը պատմէ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս Եսայիի գիրքը կամ գալարը բացաւ, անկէ կարդաց եւ ապա ետ ոլորեց։ Իսկ Յովհաննէս առաքեալ խօսեցաւ «գրքի» մը,– կամ ըստ յունարէն բնագրին գալարի մը,– մասին՝ ըսելով թէ ան չէր կրնար իր գալարին մէջ Յիսուսի կատարած բոլոր բաները նշել (Ղուկաս 4։16-20. Յովհաննէս 20։30. 21։25)։

Կաշիի, մագաղաթի կամ պապիրոսի նման նիւթերու կտորներ իրարու փակցուելով կը կազմէին գալար մը։ Ապա գալարը կարելի էր ցուպի մը վրայ փաթթել, գրութիւնը մէջի երեսին վրայ ըլլալով։ Գրութիւնը կ’երեւէր կարճ ուղղահայեաց սիւնակներու մէջ։ Երբ գալարը երկար ըլլար, անիկա երկու կողմէն կ’ունենար ցուպեր, որոնք կարդացողը կը գործածէր՝ մէկ ձեռքով գրութիւնը բանալու իսկ միւս ձեռքով զայն գոցելու, մինչեւ որ իր ուզած հատուածը գտնէր։

«Գալարին առաւելութիւնը այն էր, որ անիկա կրնար ա՛յնքան երկար ըլլալ (յաճախ շուրջ 10 մեթր) որ մէյ մը որ փաթթուէր կրնար ամբողջ գիրք մը պարփակել», կ’ըսէ բառարան մը (The Anchor Bible Dictionary)։ Կ’ենթադրուի թէ Ղուկասի Աւետարանը շուրջ 9,5 մեթր երկարութեամբ գալար մը կը պահանջէր։ Երբեմն գալարին երկու ծայրերը կը գեղեցկացուէին, չեչաքարով կը սրբուէին եւ կը ներկուէին։

Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ նշուած «քահանայապետները» որո՞նք կրնային ըլլալ։

Հրեայ քահանայապետներ

Իսրայէլի քահանայութեան սկիզբէն իսկ, ամէն անգամ միայն մէկ անձ կը ծառայէր որպէս քահանայապետ. եւ սկիզբը այս նշանակումը կենսատեւ էր (Թուոց 35։25)։ Ահարոն առաջին քահանայապետն էր։ Ետքը, ընդհանուր առմամբ այդ պատիւը սկսաւ անցնիլ հօրմէն իր անդրանիկ տղուն (Ելից 29։9)։ Ահարոնէն սերած տղամարդոցմէ շատեր ծառայեցին որպէս քահանաներ, բայց միայն քիչեր ծառայեցին որպէս քահանայապետներ։

Երբ Իսրայէլ օտարներու լուծին տակ մնաց, ոչ–իսրայէլացի կառավարիչներ հրեայ քահանայապետներ կը նշանակէին կամ պաշտօնանկ կ’ընէին երբ որ ուզէին։ Սակայն այնպէս կ’երեւի, թէ նոր նշանակուած քահանայապետները գրեթէ միշտ կ’ընտրուէին առանձնաշնորհեալ ընտանիքներէ, մեծաւ մասամբ Ահարոնի սերունդէն։ «Քահանայապետներ» բառը բացայայտօրէն կ’ակնարկէ քահանայութեան գլխաւոր անդամներուն։ Քահանայապետ մը կրնար նշանակուիլ՝ քահանայութեան 24 դասակարգութիւններէն, քահանայապետական ընտանիքներու կարկառուն անդամներէն եւ պաշտօնանկ եղած նախկին քահանայապետներէն, ինչպէս՝ Աննան (Ա. Մնացորդաց 24։1-19. Մատթէոս 2։4. Մարկոս 8։31. Գործք 4։6)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել