Բովանդակութիւն
2016–Ի ՄԱՅԻՍ 30–ՅՈՒՆԻՍ 5
5 Հաւատարիմ ըլլալը կ’առաջնորդէ Աստուծոյ հաճութեան
Այս յօդուածը կ’ըսէ թէ ի՛նչ բան Յեփթայէն եւ իր աղջիկը մղեց որ աստուածային սկզբունքներով ապրին, հակառակ որ դժուար պարագաներ ունեցան։ Ատիկա նաեւ կը ցուցնէ թէ ինչո՛ւ Աստուծոյ հաճութիւնը շահելու համար կ’արժէ որեւէ զոհողութիւն ընել։
10 Երեւակայութիւնդ իմաստութեամբ կը գործածե՞ս
2016–Ի ՅՈՒՆԻՍ 6-12
13 «Համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը»
Որպէսզի յաւիտենական կեանքի պարգեւը ստանանք, պէտք է մինչեւ վերջը համբերենք։ Այս յօդուածը կը խօսի չորս բաներու մասին, որոնք մեզի պիտի օգնեն որ համբերենք, եւ կը նշէ երեք համբերող անձերու օրինակները։ Յօդուածը նաեւ կը բացատրէ թէ ի՛նչ կը նշանակէ՝ «համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը»։
2016–Ի ՅՈՒՆԻՍ 13-19
18 Մեր ժողովները ինչո՞ւ կարեւոր են
Բոլոր քրիստոնեաները ունին դժուարութիւններ, որոնց պատճառաւ թերեւս իրենց համար դժուար կ’ըլլայ ժողովներու երթալը։ Այս յօդուածը մեզ կը քաջալերէ որ շարունակենք ժողովներու երթալ, բացատրելով թէ ժողովները ինչպէ՛ս կ’ազդեն մեզի եւ ուրիշներուն, ու ի՛նչ նշանակութիւն ունին Եհովային համար։
23 Կենսագրութիւն. Կրօնաւորուհիներ էին՝ եղան իսկական հոգեւոր քոյրեր
2016–Ի ՅՈՒՆԻՍ 20-26
27 Այս բաժնուած աշխարհին մէջ չէզոքութիւնդ պահէ
Մինչ մարդկային կառավարութիւնները իրենց վերջին կը մօտենան, կրնանք ակնկալել որ երթալէն աւելի՛ ստիպեն մեզ որ կողմ բռնենք։ Այս յօդուածը կը խօսի չորս բաներու մասին, որոնք կ’օգնեն որ չէզոք մնանք եւ տեղի չտանք։