Բովանդակութիւն
2016–Ի ՕԳՈՍՏՈՍ 29–ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 4
7 Թագաւորութեան ետեւէ եղիր, եւ ոչ թէ՝ նիւթական բաներու
Յիսուս մեզի սորվեցուց որ ‘առաջ խնդրենք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը’ եւ ոչ թէ՝ նիւթական բաներ։ Ինչպէ՞ս կրնանք նիւթապաշտութեան փոսը չիյնալ եւ մեր կեանքը պարզացնել, որպէսզի կարենանք հոգեւոր բաներու ետեւէ ըլլալ, որ աւելի կարեւոր են։ Նկատի առ Յիսուսի Լերան քարոզին մէկ մասը, որ կը գտնուի Մատթէոս 6։25-34–ի մէջ։
2016–Ի ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 5-11
13 Ինչո՞ւ պէտք է ‘արթուն կենանք’
Պէտք է լուրջի առնենք Յիսուսի պատուէրը որ ‘արթուն կենանք’ այս վերջին օրերուն (Մատ. 24։42)։ Ասոր համար, պէտք է հեռու մնանք այն ազդեցութիւններէն, որոնք կրնան արգելք ըլլալ որ արթուն մնանք։ Այս յօդուածը կը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք այս մէկը ընել։
18 «Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ»
2016–Ի ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 12-18
21 Երախտապարտ ենք որ Աստուծոյ շնորհքը կը ստանանք
2016–Ի ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 19-25
26 Աստուծոյ շնորհքին բարի լուրը տարածէ
Այս երկու յօդուածները կը բացատրեն թէ ինչպէ՛ս կ’օգտուինք Եհովայի շնորհքէն։ Ատոնք նաեւ մեզ կը քաջալերեն որ ցուցնենք թէ Եհովային երախտապարտ ենք, ուրիշներուն ըսելով թէ ինչպէ՛ս իրենք ալ կրնան իր շնորհքէն օգտուիլ։