Բովանդակութիւն
2017–Ի ՓԵՏՐՈՒԱՐ 27–ՄԱՐՏ 5
7 «Եհովայի՛ն վստահէ եւ բարի՛ք ըրէ»
Այս յօդուածը կը խօսի թէ 2017–ի մեր տարուան համարը ինչպէ՛ս մեզ կը քաջալերէ, որ Եհովայէն օգնութիւն խնդրենք երբ դժուարութիւններ ունենանք։ Նկատի պիտի առնենք հաւատարիմ անձերու օրինակներ, եւ պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ, մինչ մեր ամէն կարելին կ’ընենք որ խնդիրները լուծենք եւ ուրիշներուն օգնենք։
2017–Ի ՄԱՐՏ 6-12
12 Արժեւորէ ազատ կամքի պարգեւդ
Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք արժեւորել Աստուծոյ տուած ազատ կամքի պարգեւը, զայն գործածելով աստուածահաճոյ կերպով։ Ատիկա նաեւ մեզի պիտի ցուցնէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք յարգել ուրիշներուն ազատ կամքը։
2017–Ի ՄԱՐՏ 13-19
17 Ինչո՞ւ պէտք է համեստ ըլլանք
2017–Ի ՄԱՐՏ 20-26
22 Կրնա՛ս համեստ մնալ փորձութեան մէջ
Այս յօդուածները մեզի պիտի օգնեն համեստութիւնը աւելի լաւ հասկնալու։ Առաջին յօդուածը կը բացատրէ թէ համեստ ըլլալ ի՛նչ ըսել է եւ ի՛նչ ըսել չէ։ Երկրորդ յօդուածը մեզի կը սորվեցնէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք համեստ մնալ նոյնիսկ փորձութեան մէջ։
2017–Ի ՄԱՐՏ 27–ԱՊՐԻԼ 2
27 ‘Այն բաները հաւատարիմ մարդոց յանձնէ’
Ժամանակի ընթացքին, տարիքով աւելի մեծերը կը մարզեն ուրիշներ որ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ աւելի պատասխանատուութիւններ շալկեն։ Այս յօդուածը կը խօսի թէ մեծերն ու երիտասարդները ինչպէ՛ս կրնան իրարու հետ համագործակցիլ։
32 Գիտէի՞ր