Բովանդակութիւն
2017–Ի ՄԱՅԻՍ 29–ՅՈՒՆԻՍ 4
Քանի՞ ուխտ ըրած ես Եհովային։ Մէ՞կ, երկո՞ւ կամ աւելի՞։ Կը կարծե՞ս որ ամէն կարելիդ կ’ընես որ զանոնք կատարես։ Ի՞նչ կրնաս ըսել նուիրումի ուխտիդ մասին կամ ամուսնութեան ուխտիդ մասին։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ Յեփթայէն եւ Աննան ինչպէ՛ս իրենց ուխտը կատարեցին։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ մենք ալ մեր ուխտերը կատարենք։
2017–Ի ՅՈՒՆԻՍ 5-11
9 Երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ՝ ի՞նչ բաներ պիտի երթան
Ընդհանրապէս կը մտածենք որ Եհովան ինչ բաներ պիտի տայ մեզի Դրախտին մէջ։ Բայց այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ ան ինչ բաներ պիտի վերցնէ, որպէսզի խաղաղ եւ ուրախ աշխարհ մը ընէ։ Ասիկա պիտի զօրացնէ մեր հաւատքը եւ մեր վճռականութիւնը որ դիմանանք։
14 Կենսագրութիւն. Վճռած եմ Քրիստոսին զինուորը ըլլալ
2017–Ի ՅՈՒՆԻՍ 12-18
18 «Բոլոր երկրի Դատաւորը» միշտ ճիշդը կ’ընէ
2017–Ի ՅՈՒՆԻՍ 19-25
23 Եհովային արդար աչքով կը նայի՞ս հարցերուն
Երբ զգանք որ անարդարութեան զոհ գացած ենք՝ մենք կամ ուրիշը, թերեւս մեր հաւատքը, խոնարհութիւնը եւ հաւատարմութիւնը փորձի տակ դրուին։ Այս յօդուածները նկատի պիտի առնեն Աստուածաշունչի երեք պատմութիւններ, որոնք մեզի պիտի օգնեն որ Եհովայի՛ն արդար աչքով նայինք հարցերուն։
2017–Ի ՅՈՒՆԻՍ 26–ՅՈՒԼԻՍ 2
28 Կամաւոր ոգիովդ Եհովային փառք բեր
Թէեւ Եհովան բանի մը պէտք չունի, բայց ան կ’ուրախանայ երբ ջանք թափենք իր իշխանութեան թիկունք կանգնելու համար։ Դատաւորաց 4–րդ եւ 5–րդ գլուխներէն կը սորվինք, թէ երբ սրտանց հետեւինք Եհովային ուղղութեան, ան մեծապէս կը գնահատէ ասիկա։