Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ18 Յունուար էջ 32
  • Գիտէի՞ր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտէի՞ր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ահա՛ Եհովայի հաճած Ծառան
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
դ18 Յունուար էջ 32

Գիտէի՞ր

Իսրայէլի մէջ, Մովսիսական օրէնքին սկզբունքները իրապէս կը գործածուէի՞ն ամէնօրեայ կեանքին օրինական խնդիրները լուծելու համար։

ԵՐԲԵՄՆ՝ ա՛յո։ Նկատի առ օրինակ մը։ Բ. Օրինաց 24։14, 15–ը կ’ըսէ. «Աղքատ ու կարօտ վարձկանին զրկանք մի՛ ըներ, ան քու եղբայրներէդ եւ կամ քու երկրիդ օտարականներէն ալ ըլլայ. . . Չըլլայ թէ քեզի համար Տէրոջը բողոքէ ու մեղքի տէր ըլլաս»։

Կաւէ կտոր

Կաւէ կտորը, որուն վրայ երկրագործին խնդրանքը գրուած է

Ք.Ա. եօթներորդ դարուն պատկանող արձանագրութիւն մը կը ցուցնէ այսպիսի պարագայի մը ներկայացուած խնդրանք մը։ Ատիկա գտնուած է Ազովտոսի մօտ։ Հաւանաբար գրուած էր արտի մէջ աշխատողի մը համար, որ կը կարծուէր թէ չէր կրցած հատիկներու որոշ քանակ մը հասցնել։ Ատիկա գրուած էր կաւէ կտորի մը վրայ։ Կ’ըսէ. «Քանի մը օր առաջ, ձեր ծառան [աղաչողը] հունձքը մթերելէն ետք, Շոպայի որդին Յոշէյահու եկաւ եւ ձեր ծառային հանդերձը առաւ։ . . .Բոլոր ընկերակիցներս, որոնք այդ տաքին հետս կը հնձէին, պիտի վկայեն. . . որ ըսածս ճիշդ է։ Ես անմեղ եմ որեւէ յանցանքէ։ . . .Ո՛վ կառավարիչ, եթէ կը սեպէք որ պարտաւոր չէք ձեր ծառային հանդերձը վերադարձնելու, վրաս մեղքնալով հաճեցէք վերադարձնել հանդերձս։ Պէտք չէ լուռ մնաք, երբ ձեր ծառան առանց հանդերձի է»։

Պատմաբան Սայմըն Շամա կ’ըսէ թէ այս խնդրանքը «միայն չի ցուցներ մեզի, որ աշխատող մը յուսահատ կերպով [իր հանդերձը] առնելու համար կ’աղաչէ. . . հապա նաեւ կը յայտնէ որ խնդրողը գաղափար ունէր աստուածաշնչական օրէնքներուն մասին, նամանաւանդ Ղեւտացւոց գիրքի եւ Բ. Օրինաց գիրքի այն պատուէրները, որոնք կը զգուշացնեն աղքատներուն հետ գէշ կերպով վարուելէն»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել