ԲԱՐԻ ԼՈՒՐԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑԷՔ ԴԻՏԱՐԱՆԸ ԳՈՐԾԱԾԵԼՈՎ
1 Դիտարանը իսկապէս անզուգական է, քանի որ բարի լուր բերող մըն է։ Անոր հակառակը, աշխարհային հրատարակութիւններուն մեծամասնութիւնը այն լուրերը ցցուն կ’ընեն որոնք գէշ ու վհատեցուցիչ են։ Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներու ցոյց տալ թէ Դիտարանը տարբեր է, բովանդակելով իսկապէս թարմացուցիչ պատգամ մը։
2 Դիտարանին նպատակն է Եհովան փառաբանել որպէս տիեզերքի Գերիշխանը, Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները իրագործող աշխարհի դէպքերը նկատել, հարստահարուածները մխիթարել բարի լուրով մը, եւ մեր փրկութեան համար եղած Աստուծոյ հայթայթումներուն վրայ հաւատք զօրացնել։
3 Դիտարանի մասին մեր մեկնաբանութիւնները այսպիսի միտքեր համոզիչ կերպով կը փոխանցե՞ն։ Ինչ որ կ’ըսենք պէտք չէ պարզապէս գրաւիչ խօսք մը ըլլայ վայրկենական հետաքրքրութիւն արթնցնելու համար. անիկա պէտք է նիւթ ունենայ, այնպիսի վստահութիւն մը ներշնչէ որ փափաք կը գրգռէ աւելին սորվելու։
4 Նախապատրաստուելու Կարիքը Կայ. Պէտք ունինք իւրաքանչիւր պարբերաթերթ ուշադրութեամբ կարդալու, վերլուծելով զանազան ներկայացումներ՝ մեր թաղամասը ի մտի ունենալով։ Մէջբերուած Սուրբ Գրային համարները բանալը կ’առաջացնէ մեր հասկացողութիւնը։ Ասիկա կրնայ ճշմարտութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը խորացնել եւ մեզ մղել ուրիշներու հետ զանիկա բաժնելու։ Եթէ ճշմարտութիւնը մեր սրտերուն մէջ չէ, քիչ մղում պիտի ունենանք խօսելու։
5 Անհատի մը ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը կ’որոշէ թէ ի՛նչ պիտի ներկայացնենք։ Երբ ընդառաջումը ժխտական կամ ազնուաբար է, մեր խօսած կէտերը բաւարար են։ Եթէ հետաքրքրութիւն կայ՝ բայց սահմանափակ է, լաւագոյն բանն է պարզապէս ներկայացնել ամենավերջին պարբերաթերթերը կամ գրքոյկ մը։ Եթէ հարազատ գնահատութեան արտայայտութիւններ կան եւ աւելին սորվելու փափաք մը, յարմար պիտի ըլլայ բաժանորդագրութիւն մը ներկայացնել։ Սովորաբար, լաւագոյն բանն է նոր բաժանորդագրութիւն մը սկսիլ վեց ամսուայ համար. անիկա կարելի է նորոգել եթէ հետաքրքրութիւնը յարատեւ է։
6 Դիտարանի ամենավերջին թիւի յօդուածները երբ կը կարդաք, փորձեցէք վերյիշել նախկին խօսակցութիւնները տանուտէրներուն հետ, ուր այս նիւթերը հետաքրքրութիւն գրգռեցին։ Նպատակ դրէք այդ թիւով վերադառնալ յաւելեալ խօսակցութեան մը համար։
7 Չենք գիտեր թէ ո՛րքան ատեն եւ ո՛ր տարողութեամբ բարի լուրը դեռ պիտի հրատարակուի։ Սակայն, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Դիտարանը գլխաւոր դեր մը պիտի խաղայ կատարուած բաներուն մէջ։ Այս հայթայթումը գործածելով, պէտք է առաքեալները ընդօրինակենք՝ ‘Եհովայի խօսքին բարի լուրը փութաջանօրէն սորվեցնելու ու քարոզելու’։—Գործք 15։35