Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/92 էջ 7
  • ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
թծ 4/92 էջ 7

ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ

◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Ապրիլին եւ Մայիսին՝ Դիտարանի բաժանորդագրութիւններ։ Բաժանորդագրութիւնները կարելի է ընել մէկ տարուան կամ վեց ամսուան համար։ Կարգադրութիւն չկայ եռամսեայ պարբերաթերթերու հրատարակութիւններուն բաժանորդագրութիւններ ընելու։ Մի քանի տարուան համար բաժանորդագրութիւն ընելը, ընդունելի պիտի չըլլայ։ Յունիսին՝ Մարդկութիւնը որ Աստուած կը Փնտռէ։ Յուլիսին՝ հետեւեալ գրքոյկներէն որեւէ մէկը. Կեանքը Վայելեցէք Երկրի Վրայ Յաւիտեան, ‘‘Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ’’, Երրորդութեան Պէ՞տք Է Հաւատաք, կամ Այն Կառավարութիւնը որ Դրախտը Պիտի Բերէ։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։ ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք տակաւին չեն խնդրած վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւնները, պէտք է խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի «Ֆօրմ»ին (S–14) միջոցաւ։

◼ Ուր որ գործնական է, երէցները ժողովքներուն համար պէտք է կարգադրութիւններ ընեն բաժին բերելու իրիկուան վկայութեան մէջ, մինչ ցերեկուան ժամերը կ’երկարին։

◼ Վերակացու տեսուչը պէտք է վստահ ըլլայ թէ Յիշատակատօնին տօնակատարութեան համար բոլոր կարգադրութիւնները պատշաճ կերպով եղած են։ Ասոնք կը պարփակեն հիւրընկալներուն ու խորհրդանիշերը ներկայացնողներուն նշանակումները, ինչպէս նաեւ ապահովել անխմոր հացը, կարմիր գինին, գաւաթները, եւ նոյն եղանակով։—Տեսնել կէտերու ցանկը Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան Մարտ թիւին մէջ։

◼ Յիշատակատօնին ատեն հիւրընկալները պէտք է ուշադիր ըլլան նորեկ անհատները եւ քիչ անգամ ներկայ եղողները ողջունելու։ ջանացէք ստանալ անոնց անուններն ու հասցէները որոնք թերեւս կարիքը ունին անհատի մը որ Աստուածաշունչի տան ուսումնասիրութիւն մը վարէ իրենց հետ։ Այս տեղեկութիւնները պէտք է տալ ծառայութեան տեսուչին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել