ԱԶԴԵՑԻԿ ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ
1 Խօսակցութիւններ սկսիլը ծառայութեան մէջ կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ, քանի որ մարդիկ շատ զբաղած են իրենց անձնական հարցերով կամ կրօնքի մասին որոշ գաղափարներ ունին։ Ի՞նչ բան կրնանք ի մտի ունենալ որ պիտի օգնէ մեզի մեր սկզբնական հանդիպումը ազդեցիկ դարձնելու։
2 Քանի որ տօնի եղանակ է, կրնաք ձեր խօսակցութիւնը սկսիլ՝ ըսելով.
◼ «Տարուան այս ժամանակին մէջ, Յիսուսի զոհագործութիւնը վստահաբար մեր միտքն է։ Ի՞նչ կը խորհիք թէ Յիսուս հիմա կ’ընէ»։ Թոյլ տուէք պատասխանի մը։ Յետոյ կրնաք բաժնել տանուտիրոջ հետ Յայտնութիւն 6։2–ը, որ կը նկարագրէ Յիսուսը որպէս ճերմակ ձիու վրայ հեծած ու առաջ կ’երթայ իր յաղթութիւնը ամբողջացնելու։ Խօսեցէք իր թագաւորական դերին մասին եւ այն մնայուն օգուտներուն մասին զորս իր իշխանութիւնը պիտի բերէ բոլոր հնազանդ մարդկութեան։
3 Կամ գործածելով՝ «Իսկական Ազատութիւնը—Ո՞ր Աղբիւրէն» բնաբանը, կրնաք ըսել.
◼ «Մարդիկ համայն աշխարհի մէջ կը պայքարին ազատութեան համար։ Բայց մարդկային կառավարութիւններու կողմէ եղած ազատութեան խոստումները իրականութիւն մը չեն դարձած։ Եհովայի՝ ճշմարիտ Աստուծոյն՝ պաշտամունքը, մնայուն ազատութիւն կը բերէ»։ Կարդացէք Բ. Կորնթացիս 3։17-ը, եւ մատնանշեցէք թէ մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնն է ցցուն ընել Աստուծոյ խոստումը եւ ցոյց տալ թէ ինչպէ՛ս աշխարհի դէպքերը կը հաստատեն որ մեր ազատագրումը մօտալուտ է։ Նաեւ կրնաք յիշել որեւէ կէտ զոր արդէն կարդացած էք ու նկատած էք 1 Ապրիլ 1992 Դիտարանին մէջ (Անգլ.)։
4 Կրնաք ցցուն ընել աղօթքի նիւթը՝ ըսելով.
◼ «Մարդիկ պատերազմի ժամանակ ընդհանրապէս կ’աղօթեն յաղթանակին համար։ Կը խորհի՞ք թէ Աստուած այսպիսի աղօթքներու մտիկ կ’ընէ եւ կողմ կը բռնէ։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Նկատի առէք Աստուածաշունչին պատասխանը»։ Յետոյ Ա. Պետրոս 3։12-ը կարդացէք ու հակիրճօրէն բացատրեցէք՝ գործածելով կարգ մը կէտեր զորս արդէն կարդացած էք աղօթքին մասին՝ 15 Ապրիլ 1992 Դիտարանին մէջ։
5 Եթէ ընտրէք «Կեանքը՝ Խաղաղ Նոր Աշխարհի մը Մէջ» բնաբանը, կրնաք ըսել.
◼ «Կը խորհի՞ք թէ աշխարհը որեւէ մէկ ժամանակ խաղաղութեան մէջ պիտի ըլլայ»։ Պատասխան մը ստանալէ յետոյ, կրնաք անհատին հետ խօսակցիլ՝ ցցուն ընելով Մատթէոս 6։9, 10-ն եւ Սաղմոս 37։29-ը։
6 Ի մտի ունեցէք թէ մեր նպատակակէտն է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարել։ Քանի որ շատեր օժանդակ ռահվիրաներ պիտի ըլլան Ապրիլ ամսուան մէջ, ա՛լ աւելի պատեհութիւններ պիտի ունենանք անհատներ գտնելու որոնք հետաքրքրուած են Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով։ Բայց նոյնիսկ եթէ մեր պարագաները մեզի թոյլ չտան որ օժանդակ ռահվիրաներ ըլլանք Ապրիլ ամսուան ընթացքին, բոլորս ալ կրնանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակակէտը ունենալ։
7 Խորապէս մտածեցէք թէ ինչպէ՛ս դուք ձեզ պիտի ծանօթացնէք։ Ընտիր թելադրութիւններ ներկայացուած են Պատճառաբանել գրքի 9-15–րդ էջերուն մէջ։ Այս բացումները հմտութեամբ օգտագործելը պիտի օգնէ որ ձեր սկզբնական հանդիպումները ազդեցիկ ըլլան։